Իրան Վրաստանին կազ պիտի մատակարարէ Հայաստանի տարածքով

Թեհրան Թիֆլիսի հետ բանակցութիւններ կը վարէ Հայաստանի տարածքով 200 միլիոն խմ. կազ մատակարարելու վերաբերեալ: Այս մասին, ըստ Panorama.am-ի, յայտարարած է Իրանի պետական կազային ընկերութեան ղեկավար Ալի Ռեզու Քամելի:

«Վրաստանի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, մենք պէտք է կազը առաքենք մինչեւ Հայաստանի սահման, իսկ Վրաստան իր սահմանին կազը պիտի ստանայ Հայաստանէն»,- յայտարարած է Քամելին` ընդգծելով, որ Վրաստան դեռ պէտք է թոյլտւութիւն ստանայ Հայաստանէն` հարեւան երկրի տարածքով կազի տարանցման համար:

Քամելիի խօսքով` Կազի առաքումը նպատակ ունի բաւարարել Վրաստանի ներքին պահանջարկը եւ դէպի Եւրոպա տարանցման նպատակ չի հետապնդեր:

«Նոր պայմանագիրը պիտի ստորագրուի 7 ամիսով ու հիմք պիտի ծառայէ այդ ոլորտին մէջ համագործակցութեան յետագայ ընդլայնման համար:  Եթէ հաստատուի գործարքի տնտեսական նպատակայարմարութիւնը, յետագային խօսք կրնայ ըլլալ Վրաստան կազի մատակարարման միջնաժամկէտ ու երկարաժամկէտ պայմանագիրներու մասին»,- յայտնած է Քամելին: