Սթոքհոլմի Globe Arena-ի մէջ կայացաւ «Եւրատեսիլ» մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչ փուլը:
Հայաստանի պատուիրակ Իւեթա Մուկուչեան Love Wave կատարմամբ հանդէս եկաւ 7-րդ թիւին տակ: Քուէարկութեան արդիւնքով` Իւեթան անցաւ եզրափակիչ փուլ:
Հայաստանի հետ միասին «Եւրատեսիլ-2016» համաեւրոպական երգի մրցոյթի եզրափակիչ փուլ անցան նաեւ Ատրպէյճանը, Ռուսիան, Նիտեռլանտները, Հունգարիան, Խորուաթիան, Աւստրիան, Չեխիան, Կիպրոսը եւ Մալթան:
Յիշեցնենք, որ երկրորդ կիսաեզրափակիչը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 12-ին, իսկ յաղթողի անունը պարզ պիտի դառնայ Մայիս 14-ին: