Լենա Հալաճեան.«Հայաստան հազարապատիկ անգամ աւելի կու տայ սուրիահայերուն, քան Գանատան»

Այժմ շուրջ 17 հազար սուրահայ կայ Հայաստանի մէջ: Այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան` նշելով, որ այդ թիւը ընթացքին կը փոփոխուի`  հոսքերու եւ ելքերու հետեւանքով, կը հաղորդէ panorama.am-ը:

«Կառավարութիւնն ի սկզբանէ որդեգրեց ջերմ եւ հիւրընկալ մօտեցում սիրիահայերի նկատմամբ»,-շեշտած է Լ. Անտոնեան:

Առանձին-առանձին ներկայացնելով ոլորտային ձեռքբերումներն ու խնդիրները` ան տեղեկացուցած է, որ այս տարիներուն Հայաստանի մէջ 250 սուրիահայ երեխաներ ծնած են, մահացած` շուրջ 110 սուրիահայ, որոնց թաղման ծախսերը եւ գերեզմանատեղի տրամադրաման հարցերը լուծած է պետութիւնը:

«1200-ից աւելի սիրիահայ ապահովուել են աշխատանքով` չնայած աշխատանքի տեղաւորման ոլորտն ամենաթիրախայինն է: 80 սիրիահայ բժիշկներ են ընդունուել աշխատանքի` առողջապահոյթան նախարարութեան օգնութեամբ: Այստեղ էլ քմահաճութեան խնդիր կայ, շատ յաճախ նրանք չեն յարմարւում պայմաններին, չեն ցանկանում աշխատել մարզերում»,- ըսած է ան:

Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետը ձեռքբերումներէն առանձանցուցած է փաստաթղթային, կրթական գործընթացները, որոնք կատարուած են արտահերթ քննման կարգով` ընդգծելով, որ այս բոլոր ոլորտներուն մէջ սուրահայերուն տրամադրուող ծառայութիւնները կատարուած են անվճար` ՀՀ պիւտճէէն:

Ինչ կը վերաբերի սուրիահայերու ընդելուզման գործընթացին` Լեւոն Անոնեան նշած է, որ այդ նպատակով արդէն աւանդոյթ դարձած են սուրիահայերու կողմէ կազմակերպուող ցուցահանդէս-վաճառքները, որոնք պարբերական բնոյթ կը կրեն:

Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնի նախագահ Լենա Հալաջեան ալ հարց բարձրացուցած է. «Միւս երկիրները, ուր տեղափոխուած են սուրիահայերը, ինչ տրամադրած են անոնց, որ հայրենիքը չէ տրամադրած: Եթէ համամատենք, յատկապէս Գանատայի հետ, ուր վերջին շրջանին աւելի շատ կ՛երթան սուրիահայերը, Հայաստանը հազարապատիկ աւելին կու տայ, քան այնտեղ»:

Անոր խօսքով` շատ սուրիահայերու ուշ աշխատանք գտնելու համար պատճառ հանդիսացած է այն, որ անոնց ենթագիտակցութեան մէջ եղած է վերադարձը Սուրիա:

2016-ին արձանագրուած «Սուրահայերու միութիւն» անկախ հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ներսէս Կիւոն ալ յայտնած, որ իրենց կազմակերպութիւնը կը փորձէ հետամուտ ըլլալ սուրիահայերու խնդիրներուն, իրաւական, հարկային եւ մաքսային խորհրդատուութիւններ տրամադրել գործի հետ կապուած: «Հայրենիք եկողը պարտաւոր է այստեղի օրէնքները յարգելու, ոչ թէ իր պահանջները դնելու»,- ըսած է ան: