Երեւանի մեր պաշտօնակից «Ազգ» թերթէն կը տեղեկանանք թէ Չորեքշաբթի 28 Հոկտեմբերին Լոնտոնի հռչակաւոր եւ հինաւուրց Ուէսթմինիսդըր Ապպէյի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջ եկեղեցական հանդիսաւոր արարողութիւն նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն: Արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոս, Ուէլսի արքայազնը, Քէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսը եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Արարողութիւնը կազմակերպուած է Մեծն Բրիտանիայի եւ Հիւսիսային Իռլանտայի ՀՀ Դեսպան Դոկտ. Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ եւ Ուեսթմինիսդըր Աբբայութեան աւագ քահանայի հաւանութեամբ: Մասնակցութեան հրաւէրներ ուղարկուած են Մեծն Բրիտանիայի վարչապետին, կառավարութեան, լորտերու պալատին եւ հոգեւորականաց դասերու:
Ուէսթմինիսդըր Տաճարը անգլիացի թագաւորներու թագադրութեան արարողութիւններու վայրը, եւ պետական գործիչներու, հռչակաւոր գրողներու դամբարանը կը հանդիսանայ: