Իտալա-արաբական «Ասատաքահ» կեդրոնին կողմէ «Լռութեան 100 տարին. Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին վերապրածները» խորագիրով գիրքը Դեկտեմբեր 16-ին պիտի ներկայացուի Հռոմի Libreria Arion Montecitorio գրախանութին մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրէս»-ը, Հայաստան կատարած այցի հիման վրայ ստեղծուած գիրքը իտալախօս ընթերցողներուն կը պատմէ հայ ժողովուրդի մէկդարեայ ցաւի ու Թուրքիոյ մէկդարեայ ժխտման մասին:
Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ «Արմենփրէս» լրատուական գործակալութեան աջակցութեամբ լոյս տեսած այս աշխատութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսվերապրողներու պատմութիւններուն կողքին կը ներկայացնէ պատմական իրողութիւնը իր փաստական կողմերով: Գիրքին համահեղինակներն են իտալացի լրագրողներ Ալեսսանտրօ Արամուն, Ճիան Միքալեսսին եւ Աննա Մացոնէն: Իտալիոյ մէջ լոյս տեսած գիրքին նախաձեռնողը «Ասատաքահ» իտալա-արաբական կեդրոնն է: Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող գիրքին ստեղծման համար իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Ջիանքարլօ Պակլիարինին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանը, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սարգիս Ղազարեանը, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տէր Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանը:
«Հայոց Ցեղասպանութիւն. լռութեան 100 տարի» գիրքը կը ներկայացնէ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ թուրքերու կողմէ հայերու սարսափելի եւ ծրագրուած ոչնչացման մասին:
Հայոց Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի անց իտալացի լրագրող Ալեսսանտրօ Արամուն եւ յայտնի իտալացի լուսանկարիչ Ռոմուլօ Էուքալիտօն Երեւանի մէջ հանդիպած են վերջին ականատեսներուն այն ողբերգութեան, որ Թուրքիան մինչեւ այսօր կը հրաժարի ճանչնալէ: «Հայոց Ցեղասպանութիւն. լռութեան 100 տարի» գիրքը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս Հայաստանը նոր սերունդին միջոցով կը բախի ընդհանուր յիշողութեան մարտահրաւէրին` որպէս ինքնութեան անբաժան տարր: Գիրքը յատուկ անդրադարձ կը կատարէ հայ կանանց եւ անոնց ունեցած դերին: Մասնաւորապէս կը խօսուի այն մասին, որ հայ կանայք իրենց քաջութեան եւ ուժի շնորհիւ կրցած են կենդանի պահել մշակոյթը այն մարդոց, որոնց թուրքերը ձախողած են ոչնչացնելու: Գիրքին հեղինակները փաստած են նաեւ, որ մեր օրերուն հայերը Միջին Արեւելքի մէջ կը տառապին մէկ այլ ցեղասպանութենէ իսլամ-արմատական ԻՊ-ի կողմէ: