Խթման Ճաշկերոյթ-Պարահանդէս
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնին Մէջ
Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնն էր եւ ամբողջ քրիստոնէական աշխարհը կը տօնախմբէր մեր Փրկիչին ազատարար Յարութիւնը:
Մարդիկ որոնք Բուն Բարեկենդանով սկսած Մեծ Պահքի եօթնաշաբաթեայ շրջանը աւարտած էին, իւրաքանչիւրն իր ձեւով կը դիմաւորէր փրկութիւն աւետող Քրիստոսի Յարութիւնը:
Իր կարգին Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը իր կեդրոնի Տօքթ. Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան սրահին մէջ կազմակերպած ճաշկերոյթ- պարահանդէսով կը դիմաւորէր այս տօնը:
Խթման օր՝ 26 Մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուած էր Թէքէեան կեդրոնէն ներս, ներկաները որոնք քիչ առաջ ներկայ գտնուած էին ճրագալոյսի հոգեպարար արարողութեան եւ Սուրբ Պատարագին, որոնցմով աւարտած էին Մեծ Պահքի շրջանը ուր զրկուած էին համեղ ճաշատեսակներէ եւ կերուխումէ, իրենց պահքը կը լուծէին Թէքէեան հիւրընկալ ընտանիքին մէջ եւ ճոխ սեղաններու շուրջ:
Օրուայ «Թամատա»-ն՝ Տիար Արթօ Մանուկեան, Բարի Գալուստով դիմաւորեց ներկաները, ապա բեմ հրաւիրեց Դամասկոսէն վերջերս Մոնթրէալ ժամանած եւ հաստատուած Արժանապատիւ Տէր Հայ Արի Քահանայ Թանաշեանը: Քահանայ հայրը նախ շնորհաւորեց ներկաները Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ, ապա կերակուրն ու սեղանները եւ ներկաները օրհնելով բոլորին բարի ախորժակ եւ հաճելի ժամանց մաղթեց:
Ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ պարահանդէսը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր, եւ յանձինս սիրուած եւ փնտռուած DJ Յովսէփին ներկաները վայելեցին հայկական երգերու ճոխ հաւաքականի մը, եւ ստեղծուած մթնոլորտը ինքզինք կը թարգմանէր (հայկական եմ) ըսելով:
Տիար Արթօ Մանուկեանի մէջբերումներու ընթացքին ներկաները նախ տեղեակ պահուեցան թէ պարահանդէսին ներկայ կը գտնուէին կարգ մը Սուրիահայ ընտանիքներ, որոնցմէ շատեր արդէն իսկ ներգրաւուած էին միութեանս մեծ ընտանիքին մէջ եւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին անոր գործունէութիւններուն, ապա ներկաները ծանօթացան Թէքէեան Մշակութային Միութեան մօտիկ ապագայի համար նախատեսուած միջոցառումներուն:
Աւանդական Հաւկթախաղը որ Պարահանդէսի յայտագրին մաս կը կազմէր, ներկաներու նկատելի մասնակցութեամբ առաւել եւս հաճելի դարձուց ստեղծուած մտերմիկ եւ տաքուկ մթնոլորտը:
Տիար Արթօ Մանուկեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից եղան այս ձեռնարկի կազմակերպման ու յաջողութեան:
Պարահանդէսը աւարտեցաւ ներկաներու բարձր տրամադրութեամբ եւ պնդումներով՝ որ այսպիսի գեղեցիկ եւ մտերմիկ ձեռնարկները յաճախակի եւ հերթական ըլլան:
թղթակից