ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԺ. Տ. ԵՂԻԱ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԵՐՎԱՆՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ապրիլ 4-ի երեկոյեան, Գանատահայոց Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Հովակիմեանի հետ Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնատեղին իր անդրանիկ այցելութիւնը շնորհեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Եղիա Աւագ Քահանայ Քերվանճեան:

Կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ հաւաքուած էին Թէքէեան Մշակ. Միութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավար դէմքեր, վարչականներ եւ յանձնախումբերու անդամներ, որոնք փութացած էին բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթելու նորանշանակ Տէր Հօր: ԹՄՄ-ի վարչութեան անտենապետ Արթօ Մանուկեան բարեգալստեան խօսքերէ ետք, հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր որ ներկայացնէ Տէր Հայրը:

Տէր Եղիան ծնած է Իսթանպուլ, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը, իսկ հոգեւոր պատրաստութիւնն ու ծառայութիւնը զարգացուցած է տարաբախտ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի հոգածութեան ներքոյ: Ապա անցած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին ուր երեք տարիներով աւարտած է քահանայագործութեան նուիրումը, գրեթէ նոյն ժամանակաշրջանին երբ Բագրատ Սրբազան կ’աւարտէր կուսակրօնութեան բաժինը: Քահանայական ձեռնադրութիւնը կը ստանայ Մայր Աթոռի մէջ, վերանուանուելով Տէր Եղիա: Վերադառնալով Իսթանպուլ, նուիրուած է քահանայագործութեան, մինչեւ հրաւիրուիլը Գանատահայոց Թեմը, պաշտօնավարելու համար Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ:

Իր հակիրճ արտայայտութեամբ Տէր Հայրը խոր երախտագիտութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ գոհունակութիւն՝ արդէն իսկ մի քանի օրերու ընթացքին ծանօթանալով այս համայնքի ծառայութեան նուիրուած ազգայիններու:

Ատենապետ Արթօ Մանուկեան խնդրեց ներկայ վարչականներէն որ մի առ մի իրենք զիրենք ներկայացնեն: Բոլորն ալ յաջողութիւն մաղթեցին Տէր Հօր եւ վստահեցուցին թէ սերտ եւ սիրալիր գործակցութեամբ պիտի շարունակեն ազգային իրենց ծառայութիւնը: Սրբազան Հօր եւ Տէր Հօր օրհնութիւններով փակուեցաւ այս պատմական հանդիպումը: