Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուցած է նորանշանակ նախարար Սուրէն Կարայեանը:
ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն, կառավարութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է նախկին նախարար Արծուիկ Մինասեանին իր կատարած աշխատանքին համար:
Վարչապետը նշած է, որ մեծապէս կարեւոր կը համարէ այս նախարարութեան աշխատանքը եւ պարոն Կարայեանէն ու աշխատակազմէն կ՛ակնկալէ կառուցուածքային նոր լուծումներ եւ առաջարկներ:
«Մենք պէտք է հանրութեանը, ներդրողին, գործարարին յայտարարենք եւ ամէն ինչով ապացուցենք, որ իր կողքին կանգնած ենք: Մենք պէտք է վերանայենք այն օրէնսդրական նորմատիւ դաշտը, որը ձեւաւորում է պիզնես միջավայրը: Եթէ այնտեղ առկայ են խոչընդոտներ, պէտք է վերացնենք: Պէտք է ստեղծել այնպիսի դաշտ, որպէսզի արտասահմանից ներդրողը գայ եւ իրեն զգայ ապահով ու արդարացի միջավայրում: Ձեզնից ակնկալում եմ նաեւ նոր նախագծեր, որոնք կը կարողանանք տրամադրել արտաքին աշխարհին»,- ըսած է Կարէն Կարապետեան` աւելցնելով, որ այս նախարարութիւնը պէտք է իր կառավարման որակով օրինակ ծառայէ գործարարութեան, ներկայացնէ ժամանակակից կառավարման ձեւերը:
Կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է նաեւ նախարարութեան ու դրամատնային համակարգի սերտ համագործակցութիւնը եւ ընդգծած. «Պէտք է հասկանալ, ինչ ենք ուզում անել մեր երկրում, ինչպէս ենք ցանկանում զարգանալ եւ այդ նպատակին հասնելու համար ինչ դաշտ պէտք է ստեղծենք, որպէսզի պիզնեսն իրեն լաւ զգայ: Մենք պէտք է ստեղծենք արդարացի, հաւասար պայմաններ, պէտք է կանգնած լինենք այն մարդու կողքին, ով ունի գաղափար, ուժ եւ համարձակութիւն` ստեղծելու յաւելեալ արժէք: Նա պէտք է իմանայ, որ մենք իր կողքին ենք բոլոր ատեաններում` հարկային, իրաւապահ եւ այլն: Հէնց դա ապահովենք` կ’ունենանք երկրի զարգացում. այլ տարբերակ չունենք: Այդ առումով ակնկալում եմ նպատակասլաց ու համարձակ աշխատանք»: