Հրաւէրովը Քէպէքի Հայ Կազմակերպութեանց Միացեալ Խորհուրդին, Թուրքիոյ Խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան, Գանատա կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ, երկօրեայ այցելութեամբ մը ժամանեց Մոնթրէալ Երկուշաբթի Մայիս մէկին:
Կարօ Փայլան բացի տարբեր հայկական կազմակերպութիւններ կատարած իր ասուպային այցելութիւններէն, Երկուշաբթի երեկոյեան ունեցաւ համագաղութային աննախընթաց ելոյթ մը:
Ըստ արժանւոյն Կարօ Փայլան բոլոր առիթներով դիմաւորուեցաւ իբրեւ իսկական ազգային քաջարի հերոս:
Ստորեւ կու տանք հակիրճ նկարագրականներ այս պատմական այցելութեան կարգ մը բաժիններուն մասին:
Այցելութիւն Մոնթրէալի ԹՄՄ Կեդրոն:
Միւս կազմակերպութիւններու շարքին Կարօ Փայլան, ըստ ծրագրին, Երկուշաբթի կէսoրէ ետք այցելեց Ապագայ Շաբաթաթերթի խմբագրատունը, ուր ունեցաւ խիստ շահեկան հարցազրոյց մը Պատուոյ Խմբագիր Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեանի, խմբագիր Աւետիս Պագգալեանի եւ աշխատակից Պրն. Պերճ Գոգորեանի հետ: Այս հարցազրոյցը շուտով կը փոխանցուի մեր բոլոր հրատարակութիւններուն:
Հարցազրոյցէն ետք, ջերմ եւ արագ հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան Ակումբի եւ ԹՄՄ-ի վարչականներու եւ զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ: Վարչութեան ատենապետ Պրն. Արթօ Մանուկեան եւ վաստակաւոր ղեկավար Տոքթ. Արշաւիր Կէօնճեան ջերմ արտայայտութիւններով հակիրճ տեղեկութիւններ տալէ վերջ մեր կազմակերպութիւններու մասին, իրենց զօրակցութիւնը եւ յաջողութեան ամենաջերմ մաղթանքները կատարեցին մեր հերոս հայրենակիցին: Իր կարգին, Պրն. Կարօ Փայլան տեղեկութիւններ տուաւ Թուրքիոյ մէջ տիրող ներկայ նուրբ կացութեան մասին: Ան յատկապէս բացատրեց քաղաքական եւ ընկերային նուրբ տուեալները այնտեղ այսօր տիրող կացութեան վերաբերեալ:
Ժողովրդային ելոյթ:
Երկուշաբթի երեկոյեան տեղի ունեցաւ համաժողովրդային ելոյթը Հայ Կեդրոնի մարզասրահին մէջ, արտակարգօրէն խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
Տեղւոյս բոլոր հայ քաղաքական, եկեղեցական, մշակութային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու կարգին ներկայ էին Գանատայի կարեւոր քաղաքական դէմքեր ինչպէս նաեւ տեղւոյն Քիւրտ համայնքէն մեծ թիւով անդամներ:
Ընդհանրապէս Մոնթրէալահայ 1500 հոգիի հասնող ներկաները բոլոր աթոռները գրաւելէ զատ, ոտքի մնալու անգամ տեղ չէին թողած այդ մեծ սրահին մէջ: Ներկաները խելայեղ ծափահարութիւններով եւ յոտնկայս, որպէս իսկական հերոս, ողջունեցին Կարօ Փայլանի մուտքը սրահէն ներս:
Հանդիսավար երիտասարդ իրաւաբան Ռաֆֆի Երէցեան, համա-ատենապետ նորակազմ Գանատահայոց Խորհուրդի (ACC), սքանչելի կերպով կատարեց ներածական իր խօսքը, յաջորդաբար կատարեալ կերպով փոխն ի փոխ արտայայտուելով հայերէն, Ֆրանսերէն, անգլերէն եւ քրտերէն լեզուներով: Ան նախ հրաւիրեց Հայ Դատի տնօրէն Պրն. Պէլեանը, որ յանուն Հայ Դատի, յաւուր պատշաճի խօսքերէն ետք, ներկայացուց կարճ տեսաժապաւէն մը, ուր ցոյց կը տրուէին դրուագներ, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Կարօ Փայլանի ունեցած ելոյթներէն: Ապա Ռաֆֆի Երէցեան անգամ մը եւս խօսք առնելով, ներկայացուց Կարօ Փայլանի կենսագրականը եւ տեղեկացուց թէ նկատի ունենալով ներկաներու բազմազանութիւնը, ան իր ելոյթը պիտի կատարէ անգլերէն լեզուով:
Այս անգամ, կրկին յոտնկայս ծափահարութիւնները ընդունելով, Կարօ Փայլան բարձրացաւ ամպիոն ու ելեկտրականացած մթնոլորտի մէջ ունեցաւ նուրբ վերլուծումներով լեցուն երկար ելոյթ մը, նոյն ժամանակ հերթաբար անկեղծօրէն մտահոգութիւն յայտնելով այնքան մեծ թիւով ոտքի մնացած ունկնդիրներուն համար:
Ներկաները ամբողջական կեդրոնացումով հետեւեցան Կարօ Փայլանի տուած վերլուծական նկարագրականին, Թուրքիոյ մէջ այսօր տիրող քաղաքական խառնակ վիճակին մասին: Պատկերաւոր կերպով ան ըսաւ թէ, մինչ անցնող տասնեակ մը տարիներուն ընթացքին իսկական գարուն մը կ’ապրէինք այնտեղ, այսօր դժբախտաբար կը գտնուինք ցուրտ ձմեռուայ մը սեմին: Սակայն ան շեշտեց թէ իր եւ իր գործակիցներուն տրամադրութիւնը հաստատ կերպով կը մնայ՝ Թուրքիոյ մէջ իսկական տեմոքրատական կարգեր հաստատելու աշխատանքը յաջողեցնելու գործին մէջ: Այս բոլորին մէջ Հայկական Հարցի հետապնդումը կը մնայ առաջնահերթ որպէս մէկ մասը նաեւ միւս փոքրամասնութեանց, յատկապէս Քիւրտերու նման փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու հետապնդման գործին: Ան հաւաստիացուց թէ որեւէ սպառնալիք չի կրնար կասեցնել մեր հարցի պաշտպանութեան ընթացքը: Կարօ Փայլան շեշտեց թէ Թուրքիոյ տեմոքրատացումը նախապայման է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայոց իրաւունքներու արդար լուծման հանգելու համար: Վերջաւորութեան, տեղի ունեցաւ աշխոյժ հարց-պատասխանի բաժին մը:
Այցելութիւն Գանատահայոց Առաջնորդարան:
Երեքշաբթի առաւօտուն գանատահայոց առաջնորդ Գեր. Տ.Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանի հրաւէրով Պրն. Կարօ Փայլան իր ժամանակացոյցի շատ սեղմ սահմաններու մէջ այցելեց առաջնորդարան, ուր զինք դիմաւորեցին Առաջնորդի գլխաւորութեամբ հոգեւորական հայրեր՝ Տէր Կոմիտաս քահանայ Միրզախանեան եւ Տէր Եղիա Քէրվանճեան: Թեմական Խորհուրդի Պատուոյ Ատենապետ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, դիւանապետ Լեւոն Իսախանեան, Թեմի գործօն ազգայիններ Արթօ Մանուկեան եւ Արա Պալեան, ինչպէս նաեւ Առաջնորդարանի մնայուն յանձնախումբէն տիկիններ, գլխաւորութեամբ տիկին Մարգրիտ Գազարեանի:
Կարօ Փայլան այս նոյնպէս ասուպային այցելութեան ընթացքին արժանացաւ ջերմ հիւրասիրութեան մը, այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարը, ծանօթացաւ Թեմի կարգ մը տեղեկութիւններուն, հանդիպեցաւ Առաջնորդարանի երթիքի տակ գործող Հայ Տուն կազմակերպութեան անձնակազմին եւ ծանօթացաւ անոնց կատարած կարեւոր աշխատանքին, Մոնթրէալի մէջ բարւոք պայմաններու մէջ ընդունելով եւ տեղաւորելով վերջին շրջանին Սուրիայէն հասնող բազմահազար գաղթական մեր հայրենակիցներուն:
Նոյն օրը Օթթաուա կարճ այցելութենէ մը ետք, շաբաթավերջին, Կարօ Փայլան կը վերադառնայ Իսթանպուլ իր հետ տանելով իր հայրենակիցներուն աղօթքները, հայցելով անոր Աստուծոյ պաշտպանութիւնը իր քաջարի հերոսական պայքարին ընթացքին:
Թղթակից