Մասնագիտութեամբ բժիշկ արուեստասէր՝ արձանագործ Տօքթ. Մկրտիչ Տարագճեանի մեծահոգի նուիրատուութիւնն է որ կուզենք դրուատել այստեղ:
Համեստ բնաւորութեամբ, բարեհաճոյ վարուելակերպով եւ լայնասիրտ նուիրատուութիւններով Տօքթ. Տարագճեանը եղած է միշտ ներկայ:
Այս անգամ սակայն, Տօքթորը կը կատարէր մի ազնիւ քայլ, որ թէ անձնական ինչպէս նաեւ ազգային հետք մը պիտի թողու գանատահայութեան պատմութեան մէջ:
Մայիս 27-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, բացումը կատարուեցաւ Տօքթ-ի «Ընթերցողը» «The Reader» իր ստեղծագործած ու Հայաստանի մէջ ձուլուած արձանին, որ նուիրուած էր Town of Mount-Royal-ի մէջ գտնուող Reginald J. P. Dawson գրադարանի հիմնադրութեան 50 ամեակի առթիւ:
Խօսքեր առին Philippe Roy TMRի քաղաքապետ, Pièrre Arcand TMRի նահանգային երեսփոխան, Տիար Արմէն Եգանեան Հայաստանի դեսպանը եւ վերջապէս ինքը՝ այս անգամ իբրեւ արձանագործ, ապա խօսք առնողները ուղղուեցան գրադարանի մուտքին ծածկապատ հողաշերտին վրայ ծափահարութիւններու տարափին տակ քօղազերծելու 2 մեթր հասակ ունեցող պրոնզեայ արձանին:
Ազնիւ նուիրատուութիւն մը, որ կու գար հայու անունը զետեղելու բանուկ ու եռուզեռով լեցուն գրադարանի մը առաջ:
Այսպիսի քայլեր թող յաճախ կրկնուին, որպէսզի հայու շինարար անունը պանծալի դառնայ ամէնուրեք:
Ձեր վարձքը կատար Տօքթ. Տարագճեան:
Ա. Մ.