Վերջերս թրքական դատարանը 1160 լիրայի (400 տոլար) տուգանք եւ 105 օրուայ բանտարկութեան դատապարտեց Հայկօ Պաղտատը Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչեքը «անարգելուն» համար:
Թրքական մայրաքաղաքին ղեկավարը հայ լրագրողին դէմ հայց ներկայացուցած է մօտ կէս տարի առաջ` երբ Պաղտատ Twitter-ին մէջ Կէօքչեքը հայ անուանած էր: Պոլսահայ լրագրողը, բացատրելով իր այս քայլը կը նշէ, որ ուզած է Անգարայի քաղաքապետին հակադարձել` օգտագործելով անոր իսկ մեթոտները, կը գրէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Մելիհ Կէօկչեքը զիս դատի տուաւ զինք հայ անուանելուս համար: Բայց ես զայն հայ անուանեցի շատ պարզ պատճառով մը, որովհետեւ Անգարայի քաղաքապետը ամէն անգամ, երբ կը յայտնուի համակարգիչի ստեղնաշարին կամ խօսափողին առջեւ, կը սկսի իր քաղաքական հակառակորդները, իր քաղաքական հակառակորդներու օգտին քուէարկող քաղաքացիները, լրագրողները հայ անուանելու: Ան շարունակաբար կը պնդէ, որ այդ մարդիկ դաւաճան են, որովհետեւ հայկական արմատներ ունին: Անոր համոզումով այս պետութեան համար խնդիրներու ստեղծումը առնչութիւն ունի այս կամ այն մարդու հայկական ծագման հետ», – Սեպտեմբերին կայացած դատական նիստերէն մէկէն ետք ըսած էր Պաղտատ:
Ուշագրաւ է, սակայն, որ Անգարայի քրէական դատարանը որոշեց սահմանուած պատժաչափերէն կիրառել միայն տուգանքի գանձումը` հաշուի առնելով հայ լրագրողին` մինչ օրս ցուցաբերած օրինապաշտ պահուածքը, ինչպէս նաեւ Անգարայի քաղաքապետին գործողութիւնները:
«Պատժաչափի կրճատման պատճառ հանդիսացած է այն, որ Պաղտատ իրեն վերագրուող յանցանքը կատարած է Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչեքի կողմէ իրագործուած սադրանքի հետեւանքով, սադրանք, որ ուղղուած էր հասարակութեան այն խումբին, որուն կը պատկանի ամբաստանեալը», – դատավճռի հրապարակման ժամանակ յայտարարած գործը վարող դատաւոր Սուլէյման Կօքսալթըն:
Հակառակ ուժի մէջ մտած դատավճիռին` Հայկօ Պաղտատ իր մօտեցումները փոխելու մտադրութիւն ակնյայտօրէն չունի:
Դատավճիռի հրապարակումէն անմիջապէս ետք Հայկօ Պաղտատ Twitter-ի մէջ դարձեալ գրեց․ – «Սա է իմ վերջին խօսքս: Իր հակառակորդները հայ անուանելով Կէօքչեք ատելութիւն կը սերմանէ: Սա զզուելի պահուածք է: Կը դիմեմ Անգարայի քաղաքապետին` դուն հայ ես», – գրած է պոլսահայ լրագրողը: