Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 6-րդ նիստի ընթացքին՝ Սեպտեմբեր 26-ին, որոշում ընդունուած է Համահայկական խորհուրդ ձեւաւորելու մասին:
Համահայկական խորհուրդը պէտք է ըլլայ ինքնակազմակերպուած, ինքնակառավարուող խորհրդակցական մարմին, որուն ձեւաւորման համար կը նախատեսուի մշակել ուղղորդիչ հայեցակարգային մօտեցումներ:
Խորհուրդի առաջին նիստը պիտի կայանայ 2016-ի Սեպտեմբեր 20-ին Երեւանի մէջ: Այդ նպատակով պէտք է ձեւաւորուի կազմակերպչական յանձնախումբ:
Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման կազմակերպչական յանձնախումբի ղեկավարը պիտի ըլլայ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանը, քարտուղարը` նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Վիգէն Սարգսեանը:
Յանձնախումբի կազմին ընդգրկուած են նաեւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ներկայացուցիչը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի, Հայաստանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, Սոցիալ-դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան, Ռուսաստանի հայերու միութեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան ներկայացուցիչներ:
Համաձայն ընդունուած որոշման`
– Խորհուրդի կազմին մէջ պէտք է ընդգրկուին ՀՀ, ԼՂՀ եւ Սփիւռքի առանցքային կառոյցներու, պետական կառավարման կարեւորագոյն մարմիններու, հոգեւոր հաստատութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան, քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի կազմը այդ առումով պէտք չէ կաշկանդէ ձեւաւորուող Խորհուրդի կազմն ու կառուցուածքը.
– Խորհուրդը կրնայ ունենալ տարածաշրջանային եւ թեմատիկ յանձնախումբեր․
– Խորհուրդի նիստերը պէտք է գումարուին առնուազն տարին մէկ անգամ ՀՀ մայրաքաղաքին մէջ․
– Խորհուրդը պէտք է ունենայ նիստերու միասնական մշտական օրակարգ, որուն առանցքին պէտք է ինկած ըլլան`
ա) Աշխարհի հայերու վիճակի մասին համապարփակ ամէնամեայ զեկոյցի քննարկումը,
բ) Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ անոր հետեւանքներու վերացման առնչուող խնդիրներու քննարկումը,
գ) Համահայկական բնոյթի ձեռնարկներու համադրումը:
Ընդունուած որոշումով կազմակերպչական յանձնախումբին յանձնարարուած է մշակել եւ մինչեւ 2016-ի Ապրիլ 15 յանձնաժողովի անդամներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներուն առաքել Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման, հիմնադիր կազմի եւ կառուցուածքի մասին որոշման նախագիծը, պետական յանձնաժողովի անդամներու մասնակցութեամբ կազմակերպել խորհրդատւութիւններ Խորհուրդի հայեցակարգի, կառուցուածքի եւ գործունէութեան կարգին շուրջ, նախապատրաստել Խորհուրդի առաջին նիստը եւ մինչեւ 2016-ի Յուլիս 15 իրազեկել յանձնաժողովի անդամները առաջին նիստի իրականացման վայրին եւ ժամանակացոյցին մասին:
Որոշումով նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին յանձնարարուած է ՀՀ արտաքին գործոց, մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններուն եւ անոնց համակարգերուն մէջ գործող մարմիններու ու կառոյցներուն հետ գործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ պետական յանձնաժողովի կազմին մէջ ներգրաւուած` սփիւռքեան կառոյցներու եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու հետ խորհրդատւութիւններ կազմակերպելու միջոցով կազմել «Հայերուն վիճակը աշխարհի մէջ» առաջին զեկոյցը: Սփիւռքի նախարարին յանձնարարուած է նաեւ մինչեւ 2016-ի Մայիս 1 զեկոյցին նախագիծը ներկայացնել պետական յանձնաժողովի անդամներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներուն` զայն քննարկելու եւ կառուցողական դիտարկումներ ներկայացնելու համար: Համահայկական խորհուրդի հետ գործակցութեան ընթացակարգեր մշակելու նպատակով կը նախատեսուի նաեւ խորհրդատւութիւններ իրականացնել տարածաշրջանային յանձնախումբերու հետ:
Պետական յանձնաժողովի նիստի ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ ներկայացուած փաստաթուղթը ուրուագծային է եւ բաց է նոր առաջարկներու համար:
Առաջարկներ կրնան ներկայացնել այս խնդիրով մտահոգուած համապատասխան կառոյցները, մասնագէտներն ու մտաւորականները: