Հայագէտ, նախիջեւանագէտ, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Արգամ Այվազեան Tert.am-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Նախիջեւանի, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայկական յուշարձաններու պահպանման խնդիրներուն:
Ան նշած է, որ Նախիջեւանի տարածքին 1998-2006 թուականներուն 27 հազարէ աւելի հայկական յուշարձաններ հիմնայատակ աւերուած են, իսկ ներկայիս ոչ մէկ յուշարձան կայ Նախիջեւանի տարածքին: Ան նաեւ յայտնած է, որ Ատրպէյճանի միւս տարածքներուն մէջ մատի վրայ կը հաշուըւին կանգուն մնացած հայկական յուշարձանները:
Խօսելով Արեւմտեան Հայաստանի մասին՝ ան դիտել տուած է, որ առ այսօր չկայ յստակ ցուցակ այն մասին, թէ ո՛րքան յուշարձաններ ստեղծուած են հոն: «Բայց մօտաւոր, ոչ ճշգրտուած տուեալներով, Արեւմտեան Հայաստանի տարածքում առկայ է մօտաւորապէս 175-180 հազար հայկական յուշարձան, որոնք Եղեռնից յետոյ աստիճանաբար աւերուել են, այսօր էլ դրա միայն 3-4 տոկոսն է պահպանուել եւ շատ անմխիթար վիճակում են», ըսած է ան։
Արգամ Այվազեան մտահոգութիւն յայտնած է այն մասին, որ պահպանուած յուշարձաններն ալ կրնան 15- 20 տարի ետք գոյութիւն չունենալ, զուգահեռաբար աւելցնելով, որ Թուրքիան կը վարէ այնպիսի քաղաքականութիւն, որ մասնակիօրէն կը վերականգնէ հայկական յուշարձանները: «Դրանով Թուրքիան ցանկանում է նաեւ ասել, որ տէր է կանգնում իր տարածքում եղած հայկական յուշարձաններին, սակայն ես կարծում եմ, որ դրանք ցուցադրական երեւոյթներ են, քանի որ նրանց հիմնական նպատակը՝ հայկական հետքից ձերբազատուելն է», նշած է ան։
Հայագէտը դիտել տուած է, որ հայկական յուշարձաններու պահպանման նպատակով նախապէս առաջարկած էր ստեղծել համահայկական միջազգային կառոյց-կազմակերպութիւն, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր շրջաններու մէջ մասնաճիւղեր պիտի ունենայ եւ պետական ու անձնական միջոցներու ներ-դրումով պիտի զբաղի յուշարձաններու պահպանման հարցերով, նաեւ՝ Թուրքիոյ մէջ: Արգամ Այվազեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ իր այդ առաջարկին ոչ մէկ կառոյց արձագանգած է: