2015 թուականին Հայաստանի եւ Իրաքի միջեւ առեւտրային շրջանառութիւնը եղած է 132 միլիոն տոլար, մինչ 2012-ին այդ թիւը կազմած է 49 միլիոն տոլար։
Ըստ Panorama.am-ի՝ այս մասին վերջերս Ազգային ժողովի նիստին յայտարարած է ՀՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Գարեգին Մելքոնեան` պատասխանելով ԱԺ պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեանի հարցերուն:
«Իրաքի հետ մենք ունենք բաւական դրական, լաւ առեւտրային շրջանառութիւն: Տարեկան մենք ունենում ենք ապրանքաշրջանառութեան 30 եւ աւելի տոկոս աճ»,- աւելցուցած է փոխ նախարարը:
Անոր տեղեկութիւններով` Իրաքի հետ Հայաստանի առեւտրաշրջանառութեան գերակշիռ մասը արտահանումն է Հայաստանէն դէպի Իրաք, եւ կ’արտահանուի, մասնաւորապէս, արդիւնաբերական արտադրանք:
«2014-ին Իրաք արտահանել ենք մօտ 80 միլիոն տոլարի ապրանք, իսկ 2015-ին` 126 մլն դոլարի արտադրանք, որը բաւական լուրջ ցուցանիշ է: Արտահանւում է հիմնականում սիկար, սիկարէթ, ալքոհոլային խմիչքներ, անասուն, վերամշակուած սննդի արտադրանք, եւ այլն»,- ըսած է փոխ նախարարը։
Իրաքէն նոյնպէս ներմուծում կ’իրականացուի, բայց, ըստ Մելքոնեանի, անոր ծաւալները քիչ են:
Պատասխանելով պատգամաւորի հարցին, թէ արդեօք կա՞ն հայ-իրաքեան համատեղ ձեռնարկութիւններ, փոխ նախարարը ըսած է, որ այդ առումով առանձնայատուկ պատկեր չկայ, բայց իրաքեան կողմէն կայ շահագրգռուածութիւն Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու առումով: