Իրանի ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան փոխ նախարար, գլխաւոր մաքսատան պետ Մասուտ Քարպասիանիի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան հաստատած է, որ Հայաստան պատրաստ է Իրանի համար ձեւաւորելու համապատասխան հարթակ` դէպի Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայ:
«Իրանը Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ միայն բարեկամ երկիր է, այլ նաեւ կարեւոր գործընկերներէն է, եւ մեր միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ: Բայց մեր տնտեսական յարաբերութիւնները աւելի ընդլայնելու եւ զարգացնելու ներուժ ունինք: Երկու երկիրներու մաքսային կառոյցներու ներդաշնակ աշխատանքը եւս կը նպաստէ առեւտրական-տնտեսական կապերու զարգացման», նշած է Կարէն Կարապետեան:
Վարչապետը տեղեկացուցած է, որ կառավարութեան 18 նոյեմբերի նիստին յանձնարարած է համապատասխան նախարարութիւններուն` աշխատանքային խումբ ձեւաւորել եւ իրանական կողմին հետ աշխատիլ Հայաստանէն Իրան հայկական արտադրանքի, մասնաւորապէս սննդամթերքի եւ գիւղական մթերքի արտածման խթանման հարցին շուրջ, ինչպէս նաեւ գործարարներու հետ քննարկել Իրանի սահմանակից տարածքին մէջ ազատ տնտեսական գօտի հիմնելու հեռանկարները:
Ըստ վարչապետին, ատիկա փոխ շահաւէտ կարելիութիւն է երկու երկիրներու գործարարներուն համար, եւ պէտք է աշխատիլ զայն իրականացնելու ուղղութեամբ:
Իրանի գլխաւոր մաքսատան պետը` ներկայացնելով Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Վարդան Յարութիւնեանի հետ աշխատանքային բանակցութիւններուն արդիւնքները` փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն շուրջ, նշած է, որ ձեռք բերուած են շարք մը պայմանաւորուածութիւններ: Մասնաւորապէս, ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր` մաքսային վարչարարութեան մարզին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ, երկուստեք կարեւոր նկատած են ելեկտրոնային եղանակով անհրաժեշտ տեղեկատուութեան փոխանակումը եւ Հայաստանի ու Իրանի քաղաքացիները մաքսային ընթացակարգերուն մասին բաւարար չափով իրազեկումը, երկու երկիրներուն մէջ գործող ազատ տնտեսական գօտիներուն միջեւ փորձի փոխանակումն ու համագործակցութիւնը:
«Մենք կրնանք ազատ տնտեսական գօտիին միջոցով համագործակցութիւն ծաւալել դէպի Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայ: Իբրեւ կապող կամուրջ` Հայաստան կրնայ որոշիչ դերակատարութիւն ստանձնել այս մարզին մէջ, ինչ որ իր կարգին կրնայ նպաստել միացեալ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման», ըսած է Մասուտ Քարպասիանի: Ի պատասխան` վարչապետ Կարապետեան ընդգծած է, որ Հայաստան պատրաստ է ձեւաւորելու համապատասխան հարթակ դէպի Եւրասիական տնտեսական միութիւն շուկայ:
Կառավարութեան ղեկավարը նաեւ ողջունած է երկու երկիրներու մաքսատուներու վարչարարութեան պայմաններու բարելաւման եւ միմիանց երկիր մուտք գործելու համար ընթացակարգերու դիւրացման վերաբերող միացեալ քայլերը:
Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ հարցեր եւս, որոնք կը վերաբերին երթեւեկի եւ տարանցման ենթակառուցուածքներու մարզին մէջ գործակցութեան զարգացման: