Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Մայր Աթոռի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Գըրգ Գըրգորեանի hոգեհանգստեան արարողութեան

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` ի յիշատակ ամերիկահայ գործարար Գըրգ Գըրգորեանի: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` արարողութեան ներկայ էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, նախարարներ եւ պատգամաւորներ, նաեւ հաւատաւոր ժողովուրդը:

Վարչապետը լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Գըրգ Գըրգորեանի նման հայորդիներ ունենալու համար պէտք է բոլորը իրենց երեխաներուն մէջ հայրենասիրութեան արժէքը սերմանեն: «Պէտք է ամէն ինչ անենք, որ էլի ունենանք նման մարդիկ` միասին դաստիարակելով, ինչը մեծ ներդրում կարող է լինել հայ ժողովրդի, Հայաստանի համար»,ըսած է վարչապետը:

ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեանի խօսքով` երբ կը մեծարես մեծերդ, կը մեծարուիս եւ դուն, եւ ազգդ: «Շատ կարեւոր է, որ մենք մեծարման ճանապարհով ենք գնում: Այսինքն` եթէ ընդօրինակման գաղափարախօսութիւնն առաջ չգնայ, բնականաբար, ամբողջ ազգը կը տուժի: Բայց երբ մեծարում ես մեծերիդ, մեծարւում ես եւ դու, եւ ազգդ եւ կարողանում ես յաւերժութեան գաղափարախօսութեամբ առաջ ընթանալ»,- ըսած է Գալուստ Սահակեան` աւելցնելով, որ Գըրգ Գըրգորեանի համեստութիւնը պէտք է ուսանելի ըլլայ բոլորին համար եւ ամէն օր:

98 տարեկանին կեանքէն հեռացած է ամերիկահայ գործարար, միլիառատէր, բարերար Գըրգ Գըրգորեանը: Մահուան բօթը հաստատած է Գըրգորեանի «Թրասինտա Քորփորէյշն»-ի նախագահ եւ գործադիր տնօրէն Էնթընի Մանտեկիքը: Գըրգորեան մահացած է Երկուշաբթի երեկոյեան` Պեվերլի Հիլլզի իր տան մէջ: Գըրգ Գըրգորեան ծնած է 1917-ի Յունիս 6-ին Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ: Զբաղած է հիւրանոցային շինարարութեամբ, կինօ եւ մեքենաներու արտադրութեամբ: Սպիտակի երկրաշարժէն ետք եւ ՀՀ շրջափակման ու տնտեսական ճգնաժամի տարիներուն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարբեր ծրագիրներուն նուիրաբերած է աւելի քան 20 միլիոն տոլար: 1996-ին կրկնապատկած է Լոս Անճելըսի հեռուստամարաթօնի ընթացքին հաւաքած գումարը` Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհի շինարարութեան յատկացնելով մօտ 4 միլիոն տոլար: 2001-էն անոր «Լինսի» հիմնադրամը 200 միլիոն տոլար արժողութեան ծրագիրներ իրականացուցած Հայաստանի ճանապարհներու վերակառուցման, մշակութային հաստատութիւններու նորոգման, աղէտի գօտիի վերականգնման ուղղութեամբ: Հայաստանի Ազգային հերոս է: Պարգեւատրուած է «Հայրենիք» շքանշանով: