Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց անկախութեան 24-րդ ամեակի տօնակատարութիւն Թորոնթոյի մէջ

 

Նախաձեռնութեամբ հայ ազգային երեք կուսակցութիւններուն եւ հովանաւո­րու­թեամբ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դես­պան Պրն. Արմէն Եգանեանի, Ուր­բաթ, 18 Սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային»  թատերա­սրա­հին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց անկախութեան 24-րդ ամեակի տօնակատարութիւնը: Ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, թորոնթոհայ կու­սակցութիւններու, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ թիւով հայրենակիցներ:

Պետական դրօշներու մուտքէն եւ օրհներգերու կատարումէն ետք, հանդիսավար Պրն. Ժան Պալճեան կատարեց հանդիսութեան հակիրճ բացման խօսքը: Գեղարուես­տական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանի երգչախումբը՝ փունջ մը ազգային երգերով, ղեկավարութեամբ Տիկ. Սոնա Յովսէփ­եա­նի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Տիկ. Թալին Գըլը­պօզ­եա­նի, Պրն. Սարգիս Եա­գուպ­եան` մեներգներով, դաշնակի ընկերակցութեամբ Տիկ. Անահիտ Կուտ­սուզ­եանի, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Սասուն» պարախումբը, պարուսոյց Պրն. Սեւակ Ա­ւագ­եանի ղեկավարութեամբ:

Հանդիսավարը ապա հրաւիրեց Գանատայի մօտ ՀՀ-ի Արտակարգ եւ Լիազօր Դես­պան Պրն. Արմէն Եգանեանը իր խօսքը փոխանցելու: Ան իր ուրախութիւնը յայտ­նեց կրկին անգամ ըլլալու թորոնթո­հայութեան հետ` միասնաբար տօնախմբելու Հա­յաստանի եւ Արցախի անկախութեանց տօները: Իր բարեմաղթական խօսքերու աւար­տին, յարգելի դեսպանը «Մխիթար Գոշ»-ի անուան ՀՀ-ի պետական մետալով պարգեւատրեց հայ ժողովուրդի բարեկամ, Գանատայի խորհրդարանի նախկին եւ ներ­կայիս Թորոնթոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճիմ Քարիճիանիսը: Յի­շենք, թէ ան եղած է Գանա­տայի Ազատական Կուսակցութեան խորհարդարանա­կան 1988-էն 2014, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով կարեւոր աշխատանք տարած ու մեծ ներդրում ունեցած է 2004-ին Գանատայի խորհրդարանի Հայոց Ցե­ղասպանութեան ճանաչման կապակցութեամբ թիւ M-380 բանաձեւի որ­դեգրման յաջո­ղութեան մէջ: Պրն. Քարիճիանիս շնորհակալութիւն յայտնեց պարգեւատրումին համար եւ ըսաւ թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ մինչեւ կեանքին վերջը պիտի պայքարի, ինչ­պէս ըրած էր Մայիս 6, 2015-ին, Թորոնթոյի քաղաքապե­տա­կան խորհուրդի նիստին ներկայացուցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ MM 6.7 բանաձեւով, որ վաւերացուեցաւ խորհուրդին կողմէ:

Ապա հանդիսավարը կենսագրական հակիրճ գիծերը տալով ներկայացուց օրուայ բանախօսը՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիր Պրն. Վահագն Գարագաշեանը: Յար­գելի բանախօսը սահուն եւ հաղորդական ոճով ներկայացուց օրուան խորհուրդը, որ գնահատուեցաւ ներկաներու ծափող­ջոյն­ներով:

Հանդիսութեան փակումը կատարուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանի «Պահպանիչ»-ով։

 

Մատաթ Բ. Մամուրեան