Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ նոր փաստաթուղթի շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկ

Պաշտօնական Պրիւքսէլ ազդարարեց Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ նոր իրաւական փաստաթուղթի շուրջ բանակցութիւններուն պաշտօնական մեկնարկը:

Եւրոմիութեան դիւանագիտութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինին աշխատանքային այցով Պրիւքսէլ գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հետ հանդիպումէ ետք յայտարարեց, թէ բանակցային նոր փուլին մեկնարկը  առիթ է փակելու անորոշութեան էջը, որ ի յայտ եկաւ 2013 թուականէն յետոյ, կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ 3.5 տարուայ բարդ աշխատանքը այսպիսով չի վատնուիր: Անիկա պիտի դառնայ մեր նոր յարաբերութիւններուն հիմքը»,- յայտարարած է Մոկերինին:

Իր հերթին Էդուարդ Նալպանտեան նշած է.- «Հայկական կողմը վաղուց իր պատրաստակամութիւնն է արտայայտել Եւրոպական Միութեան հետ շրջանակային համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները սկսելու վերաբերեալ, որն ըստ արժանւոյն կ’արտացոլի մեր համագործակցութեան խորութիւնն ու էութիւնը: Մենք ուրախ ենք, որ մեր յարաբերութիւնների իրաւական նոր հիմքի շուրջ բանակցութիւններ սկսելու Եւրոպական Միութեան խորհրդի որոշումը մեզ հնարաւորութիւն է տալիս առաջ գնալ այս ճանապարհով»:

«Ես հաւատացած եմ, որ մենք այսօր նոր խոստումնալից էջ ենք բացում Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն փոխ շահաւէտ յարաբերութիւններում: Շատերը, ովքեր երկու կողմից պէտք է ներգրաւուեն բանակցային գործընթացում, նորեկներ չեն եւ հարուստ փորձ են կուտակել անցեալում: Ես հաւատացած եմ, որ նրանց գիտելիքները եւ նպատակաուղղուածութիւնը լաւագոյնս կը ծառայի ընդհանուր գործին»,- նաեւ ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Յիշեցնենք, այս տարուան Հոկտեմբերին Եւրոմիութեան անդամ 28 պետութիւնները Լիւքսեմպուրկի մէջ հրամանագիր ստորագրեցին Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ նոր համաձայնագիր ստորագրելու շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկին համար: Նոր փաստաթուղթը, որ կը փոխարինէ այժմ գործող Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան եւ գործակցութեան համաձայնագիրին, Մոկերինիի խօսքով` հիմնուած պիտի ըլլայ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքներու վրայ:

Ըստ Եւրոմիութեան դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավարին` նոր համաձայնագիրը, որուն անուանումը դեռ յստակ չէ, միտուած է բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու կողմերուն առաւել ամուր համագործակցութեան համար: Խօսքը, մասնաւորապէս, փոխադրամիջոցներու, բնապահպանութեան եւ ուժանիւթի բնագաւառներու մասին է, ընդգծած է Մոկերինին: