Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ ռազմական համագործակցութեան ծրագիր

Ստորագրուեցաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու միջեւ 2016 թուականի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը:

Հայաստանի ՊՆ մամուլի ծառայութենէն NEWS.am-ը կը տեղեկացնէ՝ Հայաստան պաշտօնական այցի ծիրէն ներս, Երկուշաբթի 1 Փետրուար 2016-ին, Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշելիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ:

Երկու երկիրներու պաշտպանական գերատեսչութիւններուն մէջ միջազգային համագործակցութեան համար պատասխանատու պաշտօնեաները ստորագրած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու միջեւ 2016 թուականի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը: 2010-էն ի վեր ծրագրային հիմունքներով իրականացուող երկկողմ ռազմական համագործակցութեան ամէնամեայ ծրագրի այս տարուան հիմնական ուղենիշներն են՝ փորձի փոխանակումը խաղաղապահութեան, ռազմական կրթութեան, մասնագիտական վերապատրաստման եւ ռազմավարական ծրագրաւորման ոլորտներուն մէջ: