Միացեալ կազմակերպութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. Մոնթրէալի Վարիչ Մարմնին, Հ.Յ.Դ. «Մ. Փափազեան» եւ «Ս. Զէյթլեան» Կոմիտէներու ու Ռ.Ա.Կ. «Է. Բաբազեան» Ակումբին, Շաբաթ Սեպտեմբեր 19, 2015-ին, տեղւոյս Vanier Auditorium-ի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 24-րդ տարեդարձը, բարձր հովանաւորութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան Գանատայի մօտ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Պրն. Արմէն Եկանեանի:
Ներկաները յոտնկայս ընդունեցին Հ.Մ.Ը.Մ. – Կամքի սկաուտներու թմբկահարներու ընկերակցութեամբ շքերթը, որուն յաջորդեց Գանատայի քայլերգի մատուցումը Գլոէ Պալեանի մենակատարութեամբ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի մատուցումը Ներսէս Խաչոյեանի մենակատարութեամբ:
Հանդիսավար Նորա Արուշեան, հակիրճ բացման խօսքերէ ետք ընթացք տուաւ յայտագրին եւ առաջին հերթին հրաւիրեց վսեմաշուք դեսպան Եկանեանը որ ներկայացնէ իր պատգամը: Տիար Եկանեան գնահատական խօսքերով ողջունեց միացեալ այս տօնակատարութիւնը, որ կը ցոլացնէ Հայրենիքի միաւորող արժանիքը աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդին, եւ շեշտեց կարեւորութիւնը թէ Հայաստանն ու Հայ Սփիւռքը զիրար ամբողջացնող եւ իրարմով զօրացող բաժիններ են: Բախտաւոր ենք որ կ’ապրինք, ըսաւ ան, մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան մէջ հազուադէպ անկախ պետականութեամբ մեր հայրենիքի հովանիին տակ: Պարոն դեսպանը ապա անդրադարձաւ Գանատայի եւ Հայաստանի միջեւ յարաճուն զարգացող յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան, ու բարձր գնահատեց Գանատայի արդար ու առողջ դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու Հայաստանի Հանրապետութեան զօրաւիգ կանգնելու իր որոշումին:
Յաջորդեց տօնակատարութեան գեղարուեստական խտացեալ բաժին մը՝ երգի, պարի եւ ասմունքի գեղեցիկ համադրութեամբ մը:
Մեր գաղթօճախի ամենասիրուած երգիչներէն Էլի Պէրպէրեան իր տիրապետող հուժկու թէնորով կատարեց երկու հայրենասիրական երգեր՝ «Դու իմ Հայրենի» եւ «Գետաշէն», խանդավառելով բոլոր ներկաները:
Գաղութիս սիրուած ու տաղանդաւոր ասմունքող Վարդգէս Քիւփէլեան իւրայատուկ ոճով կատարեց Աւետիս Ահարոնեանէն «Հայրենիքիս համար» երկարաշունչ արձակ բանաստեղծութիւնը, խոր տպաւորութիւն թողելով բոլորին վրայ:
Օրուան բանախօս՝ Պրն. Պերճ Գոգորեան յայտնութիւն մը եղաւ մեր գաղութային կեանքին մէջ, իր կուռ ելոյթով: Խորիմաստ, գեղեցիկ պատկերներով, ջինջ հայրենասիրութեամբ, տրուած պատգամը անսակարկելի հայրենասիրութիւնն էր, անկախաբար որեւէ թերութիւններէ, այս պատմական հազուադէպ առիթը ոչ միայն պահպանելու, այլ առաւել նուաճումներու կարելիութիւնները հետապնդելու:
Մեր քաղաքի երկու հայկական պարախումբերը՝ Համազգայինի «Անի»ն եւ «Գառնի»ն իրենց կենսունակ պարերով ստեղծեցին հայկական ազգային ու ժողովրդական հարազատ մթնոլորտ մը: Առաջինը բեմադրեց «Սարտարապատ» եւ «Արտաշատ» պարերը, իսկ երկրորդը՝ մասնակցութեամբ պատանեկան պարախումբին բեմադրեց Արցախեան «Մենք ենք մեր Սարերը» եւ «Հզօր Հայրենիք» պարերը:
Շնորհաւոր տարեդարձ Հայաստանի հանրապետութեան եւ շնորհաւորութիւններ մեր կուսակցութիւններուն որոնք ժամանակ առ ժամանակ այսպիսի միասնականութեամբ եւ մեծ յաջողութեամբ կ’իրագործեն պատուաբեր ձեռնարկներ:
Ա.