ՀՀ կառավարութիւնը «Արմեանսկիյ ուրաժայ« ՍՊ ընկերութեան կողմէ ապրանքներու ներմուծման պարագային մաքսային մարմիններուն կողմէ հաշուած աւելցուած արժէքի հարկի գումարներուն վճարման ժամկէտը 2016 թուականի Յունուար 31-ի փոխարէն կ’երկարաձգէ մինչեւ 2016-ի Յուլիս 31:
«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` համապատասխան հարցը ընդգրկուած է կառավարութեան Փետրուար 4-ի նիստի օրակարգին վրայ: Ներդրումային ծրագրի ծիրէն ներս` ՀՀ Կոտայքի մարզին մէջ կառուցուած 11 հա ջերմոցներուն մէջ ընկերութիւնը կը ծրագրէ բարձր որակի հոլանտական վարդերու աճեցնել: Ընկերութիւնը կը նախատեսէ իրականացնել շուրջ 1.637 միլիառ դրամի ներդրում, որմէ մօտ 1.337 միլառ դրամը պիտի ուղղուի սարք ձեռք բերելու համար: Ներդրումներուն շնորհիւ հնարաւոր պիտի ըլլայ աճեցնել տարեկան շուրջ 2.5 միլիառ դրամի արտադրանք (2016-ին), որուն մեծ մասը պիտի արտահանուի Ռուսիա, Վրաստան, Պելառուսիա, Ղազախստան եւ այլ:
Հաշուի առնելով վերոգրեալը, ինչպէս նաեւ այն, որ ընկերութեան կողմէ արդէն իսկ ներմուծուած է որոշ խմբաքանակի սարքաւորումներ` անհրաժեշտութիւն յառաջացած է համապատասխան փոփոխութիւնը իրականացնել` երկարացնելով ներմուծուող սարքաւորումներուն ժամկէտը:
Ներդրումային ծրագրի իրագործման արդիւնքով պիտի ստեղծուի մօտ 90 աշխատատեղ (ջերմոցային տնտեսութեան ամբողջական հզօրութեամբ աշխատելու պարագային)` միջին աշխատավարձը կազմելով 2016-ին.` 125, 2017-ին` 130 եւ 2018-ին` 140 հազար դրամ: