Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն

Կիրակի` 6 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին Հայաստանի մէջ ընթացք առաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն, որ շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, որմէ ետք սկսաւ քուէաթերթիկներու հաշուարկը: Հանրապետութեան մէջ բացուած էին 1988 ընտրատեղամասեր:

Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն դիտարկած են 18 տեղական եւ չորս միջազգային կազմակերպութիւններ, մասնաւորապէս, ԱՊՀ դիտորդական առաքելութիւնը (44 դէտ), ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովը (23 դէտ), Եւրոպական խորհրդարանի Խորհրդարանական վեհաժողովը (11 դէտ), ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակը (5 դէտ): 33 դէտեր օտարերկրեայ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբերու կողմէ, եւ 7 դէտ` Հայաստանի մէջ  հաւատարմագրուած դեսպանութիւններէն:

Ոստիկանութեան տուեալներով, ընտրացուցակներուն մէջ  ընտրողներու թիւը 2 միլիոն 550 հազար 323 էր: Քուէարկութեան մասնակցեցաւ 1.296.360 հոգի` 50,51 առ հարիւրը:

Երկուշաբթի՝ 7 Դեկտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերուն տուեալներով, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը նախնական տուեալներ ներկայացուցած էր`  1482 ընտրատեղամասերէ: Ըստ այդ տուեալներուն, «այո»-ի օգտին քուէարկած է 618.014 հոգի կամ 66,06 առ հարիւր, «ոչ»-ի օգտին` 280.533 ընտրող կամ 29,98 առ հարիւր:

Իր կարգին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան կատարեց իր ընտրութիւնը քուէարկելով Երեւանի թիւ 9/11 ընտրատեղամասին մէջ իր կնոջ` Ռիթա Սարգսեանի հետ: Այդ պահուն, լրագրողները փորձեցին հարցումներ ուղղել նախագահին: Ան արձագանգեց. «Բոլոր հարցումներուն պիտի պատասխանեմ հանրաքուէէն ետք»:

Միւս կողմէ Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան կատարեց իր քաղաքացիական պարտքը Հայաստանի քուէարկելով Երեւանի թիւ 9/11 ընտրատեղամասին մէջ: Ան  չուզեց պատասխանել լրագրողներու հարցումներուն` յայտարարելով, թէ միայն մէկ բան կրնայ ըսել. «Կոչ կ՛ուղղեմ գալու եւ քուէարկելու: Քուէարկել ազատօրէն` առանց բռնանալու քաղաքացիին  կամքին վրայ: Մէկ բան ալ` որքան շատ իրական մարդ գայ  քուէարկելու, այնքան հանրաքուէին արդիւնքները աւելի առարկայական կ’ըլլան»: