ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎՐԱՅՈՎ ԻՐԱՆ ԿԱԶ ՊԻՏԻ ՀԱՅԹԱՅԹԷ ՎՐԱՍՏԱՆԻ

Իրանի Կազի Արտածումի Ազգային Ընկերակցութիւնը կը յայտնէ թէ բանակցութիւններ ընթացքի մէջ են իրանեան կազը Վրաստան արտածելու, Հայաստանի ճամբով: Թէեւ այս մասին համաձայնութեան գոյացում մը տակաւին չէ ստորագրուած, սակայն Իրանի նոյն ընկերակցութեան նախագահ Ալի-Րէզա Քամէլի ըսած է՝ «մենք մեր կազը պիտի հասցնենք մինչեւ Հայաստանի սահմանը, իսկ Վրաստան այդ կազը պիտի ստանայ Հայաստանի իր սահմանէն: Իսկ Վրաստանի ուժանիւթի նախարար Քախա Քալատծէ Լիւքսէնպուրկի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ռուսիոյ Կազբրոմ ընկերութեան նախագահ Ալէքսէյ Միլլըրի հետ, որ հանդիպման աւարտին յայտնած է թէ՝ Կազբրոմը պատրաստ է կազ հայթայթելու Վրաստանին, համաձայնութեամբ Հայաստանի եւ Իրանի: Նախարար Քալատծէ ակնարկած է նաեւ ելեկտրական ուժի փոխանակման հաւանականութեան:

Հայաստան տարեկան 500 միլիոն խորանարդ մեթր կազ կը ներմուծէ Իրանէն 2008 թուականին կառուցուած կազամուղին միջոցաւ, որ կարողութիւն ունի տարեկան մինչեւ երկու միլիառ խորանարդ մեթր կազ տեղափոխելու:

 

Նկար: Պարսից Ծոցի հիւսիսային Ասալույէ նաւահանգիստի նաւթի զտարանը: