«Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը 5 միլիոն տոլար հաւաքած է

«Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը Ապրիլ-Մայիսին 5 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն հաւաքագրած է:

Հայաստանին ու Արցախին օժանդակելու նպատակով հիմնադրամը հաւաքագրած է 4 միլիոն տոլար արժողութեամբ դեղորայք եւ այլ մարդասիրական ապրանքներ, իսկ 1 միլիոն տոլարի չափով արժէքաւոր իրեր: Այս մասին կը տեղեկացնեն «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամէն:

Հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեան տեղեկացուցած է, որ Ապրիլին եւ Մայիսին «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամի տեղ հասցուցած օժանդակութիւնը կը ներառէ անհրաժեշտ դեղորայք` քաղցկեղի, սրտի, աղիքային եւ մտաւոր հիւանդութիւններու բուժման համար, ինչպէս նաեւ դեղեր եւ բժշկական պարագաներ` պատերազմի պատճառով ստացուած վէրքերու բուժման համար:

2015 թուականէն «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը 14,1 միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն հաւաքագրած է Հայաստանի ու Արցախի բնակչութեան համար: «Հիմնադրամին կանոնաւոր կերպով կ’առաջարկուին միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պարագաներ` Հայաստանին ու Արցախին օժանդակելու համար: Կը քաջալերենք հայ անհատներն ու կազմակերպութիւններն իրենց առատաձեռնութեան համար, որպէսզի կարենանք շարունակել մեր առաքելութիւնը` անյետաձգելի նպաստ տրամադրելով Հայաստանի ու Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»,-ըսած է Յարութ Սասունեան: