«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան պաշտօնական կայքին վրայ նշուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ նոր համաձայնագիր ստորագրելու շուրջ բանակցութիւնները պիտի սկսին մինչեւ տարեվերջ:
Երկուշաբթի՝ 12 հոկտեմբերին Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդը համամիտ գտնուած է Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ նոր համաձայնագիր ստորագրելու շուրջ բանակցութիւններուն սկզբնաւորման համար: Նոր համաձայնագիրը պիտի փոխարինէ ներկայիս գործող Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագիրը: «Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու է Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ Հայաստանի հետ շարունակ զարգացնել եւ ամրապնդել համապարփակ համագործակցութիւն` հասարակաց կարեւորութեան բոլոր մարզերուն մէջ», կ՛ըսուի կայքին վրայ:
22 մայիս 2015-ին, Արեւելեան գործընկերութեան Ռիկայի վեհաժողովին ընթացքին Եւրոպական Միութիւնը եւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրները հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը, ուր կ’ողջունեն Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ նոր համաձայնագիր կնքելու առնչութեամբ փոխադարձ համաձայնութիւնը: