Հայաստան` կատարեալ զբօսաշրջային ուղղութիւն. Gulf Times-ի անդրադարձը

Քաթարական Gulf Times-­ը Հայաստանի մասին յօդուած մը հրապարակած է` մեր երկիրը անուանելով «կատարեալ զբօսաշրջային ուղղութիւն»: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը, լրատուամիջոցը գրած է հիւրընկալ բնակչութեան, կայուն եղանակի ու յանցաւորութեան ցած մակարդակի մասին:

Gulf Times-­ը կը նշէ, որ տարբեր առաջատար օդանաւային ընկերութիւններ ցած գիներով չուերթներ կ՛իրականացնեն դէպի Հայաստան, որու շնորհիւ շատ զբօսաշրջիկներ կը նախընտրեն արձակուրդները անցնել այնտեղ: Պարբերականը կը նշէ, որ արագ սնունդի ցանցերուն ու ճաշարաններուն մէջ հնարաւոր է սնուիլ 3 տոլարէն սկսած:

Թուարկելով հայաստանեան ճաշարաններու մէջ տարբեր երկիրներու խոհանոցներու ճաշատեսակներու առկայութիւնը` Gulf Times-­ը կ՛ընդգծէ, որ այստեղ կարելի է տեսնել յատուկ «հալալ» կերակրատեսակներ:

Իբրեւ կարեւոր առաւելութիւն կը նշուի այն, որ զբօսաշրջութեան խթանման նպատակով Հայաստանի մէջ դիւրին եղած են վիզայի հետ կապուած գործընթացները:

«Հայաստանի մէջ կարելի է տեսնել անհամար հրաշալի վանքեր, որոնք շատ յաճախ տեղակայուած են անասելի գեղեցկութիւն ունեցող բնութեան մէջ: Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը ամբողջ Եւրոպայի մէջ ամենաարագ զարգացող քաղաքներէն է»,- կը­ գրէ Gulf Times­ը: Որպէս առանձին յիշատակման արժանի վայրեր կը նշուին նաեւ «Շիկահողի պետական արգելոց»-ը, Սեւանայ լիճը, «Դիլիջան ազգային պարկ»-ը, Նորավանքը, Ծաղկաձորը, Գեղարդի վանական համալիրն ու Գառնիի հեթանոսական տաճարը։