Ռուս զբօսաշրջիկները ձմեռնային արձակուրդներու ժամանակահատուածի համար դէպի Հայաստան օդանաւային տոմսերու որոնման ցուցանիշը 150% աճ արձանագրած է․ այսպիսի տուեալներ կը բերէ Skyscanner որոնողական համակարգը, կը հաղորդէ cilvilnet.am-ը։
Այդ ցուցանիշով Հայաստան առաջատար է տարածաշրջանին մէջ․ դէպի Վրաստան տոմսերու որոնումը աճած է 57%-ով, դէպի Ատրպէյճան` 128%-ով: Յետխորհրդային միւս պետութիւններու շարքին են Մոլդտվան` 77% եւ Պելառուսիան` 31% աճ: Ընդհանուր առմամբ, ինչպէս կը նկատէ «Քոմերսանտ»-ը, ձմեռնային արձակուրդներու ժամանակահատուածի համար նախկին խորհրդային երկիրներու հանդէպ հետաքրքրութիւնը չափազանց մեծ աճ արձանագրած է: Հակառակ ատոր, նուազած են որոնումները գրեթէ բոլոր նախապէս գերադասելի ուղղութիւններով: Այդ տուեալները կը հաստատեն նաեւ առցանց զբօսաշրջային գործակալութիւնները:
Այսպէս` Թաիլանտի ցուցանիշը անկում կրած է 7%-ով, Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Սպանիոյ ցուցանիշը` 15%-ով, ԱՄՆ-ն ու Ֆրանսան կորսնցուած են գրեթէ 40%: Եւրոպական ուղղութիւններէն ռուսերուն կողմէ զգալի աճ արձանագրած է միայն Պրահան` 25%:
Ռուսական ամենատարածուած զբօսաշրջային կայքերէն tutu.ru-ն կը հաստատէ, որ այդպիսի միտում իրապէս առկայ է․ ընդհանուր վաճառքներու մէջ եւրոպական ուղղութիւններու մասնաբաժինը կրճատուած է 2,5%-ով եւ ուղիղ նոյնքան աճած է մերձաւոր արտերկիրը:
Ինչ կը վերաբերի աշնանային ժամանակահատուածին, ապա, ռուսական զբօսաշրջային ոլորտի մասնագէտներու պնդմամբ, ռուս զբօսաշրջիկները կը նախընտրեն այն ուղղութիւնները, ուր նկատուած է տոմսերու արժէքի զգալի նուազում, եւ այս ցուցանիշով նոյնպէս հայաստանեան ուղղութիւնը աճած է․ մեր երկրի հասանելիութիւնը մեծացած է 39%-ով, Մոլդովայինը` 22%-ով, դէպի Ղազախիստան տոմսերը աժանցած են 10%-ով, դէպի Ուզպեքիստան` 3%-ով:
Դէպի Հայաստան ռուս զբօսաշրջիկներու հոսքի աճի մասին կը վկայեն նաեւ ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալները:
Այսպէս` 2016 թուականի ձմեռնային արձակուրդներուն, իսկ աւելի ստոյգ` Յունուար-Մարտ ամիսներուն, Հայաստան ժամանած է 67 հազար 924 ռուս զբօսաշրջիկ․ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի համեմատ ցուցանիշը աւելցած է 4,3%-ով:
Ընդհանուր առմամբ 2016 թուականի Յունուար-Մարտ ամիսներուն Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներուն մէջ ռուսերուն բաժինը կազմած է 27%: