ՀՀ եւ ՌԴ կառավարութիւնները ռուսական $200 միլիոն վարկի տրամադրման համաձայնագիր ստորագրած են:
Ինչպէս կը գրէ panarmenian.net-ը՝ վկայակոչելով «Ինթերֆաքս»-ը, ըստ համաձայնագիրի յաւելուածին, Հայաստան պիտի գնէ «Սմերչ» համազարկային հակազդեցիք կրակի համակարգեր, «Թօս 1-Ա» ծանր հրանետային համակարգեր, «Իկլա-Ս» դիւրակիր հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, «Քոնքուրս»-մ հակահրասայլային հրթիռային համակարգի 9Մ113 հրթիռներ, ՌՊԳ-26 նռնականետեր, Տրակունովի դիպուկահար հրացաններ, «Թայկըր» զրահամեքենաներ, «Աւթոպազա-Մ» ռատիօտեխնիկական հետախուզութեան համակարգեր, շարժիչային ու կապի սարքաւորումներ:
Ձեռք բերուող զինատեսակներու ցանկը կրնայ փոխուիլ` կողմերուն համաձայնութեամբ:
Վարկը տրուած է տասը տարի ժամկէտով, մարման առաջին վճարման ժամկէտ սահմանուած է 2018 թուականը: Միջոցները պիտի օգտագործուին զէնք-զինամթերքի ձեռքբերման պայմանագիրներու արժէքի 90 տոկոսի մարման համար: Հայաստան որպէս կանխավճար պիտի վճարէ ամէն պայմանագրի արժէքին 10 տոկոսը: Վճարումները պիտի կատարուին ռուբլիով:
$200 միլիոն վարկի մասին յայտարարուեցաւ 2015 թուականի Յուլիսին: Պաշտպանութեան փոխնախարար Արա Նազարեան, ներկայացնելով համաձայնագիրը Ազգային ժողովին, յայտարարած էր, որ Հայաստան ձեռք պիտի բերէ նոր, մինչեւ այժմ հայկական բանակին մէջ չօգտագործուող զինատեսակներ: