«Հայկական Աշխարհը Համացանցէն Ներս» Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողով Երեւանի Մէջ

Ինչպէս ամէն տարի,  ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը այս տարի եւս կը կազմակերպէ գիտաժողովներ, որոնք առաւելաբար միտուած են Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, Սփիւռքի ներուժը համակարգելու եւ Հայաստանի զարգացման նպաստելու։

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի նախաձեռնութեամբ  ՀՀ ԿԳՆ Գիտութեան պետական կոմիտէի գործակցութեամբ 2016թ. Օգոստոսի 25-26 պիտի կազմակերպուի «Հայկական աշխարհը  համացանցէն ներս» խորագիրով գիտագործնական միջազգային գիտաժողով:

Գիտաժողովին պիտի մասնակցին՝  ՀՀ, ԼՂՀ եւ Սփիւռքի գիտակրթական, մշակութային, լրատուական, գրադարանային դաշտին առնչուող կառոյցներու, կազմակերպութիւններու համացանցային հարթակներուն  ներկայացուած կայքերու, սոցիալական ցանցերու եւ  այլ պատասխանատու ներկայացուցիչներ։

Մասնակցութեան դիմումները կ’ընդունուին մինչեւ սոյն թուականի Յունիս 15:

Գիտաժողովը պիտի ընթանայ երկու ուղղութիւններով.

1.     «Հայկական աշխարհը համացանցի գիտակրթական հարթակին»

2.     «Տեղեկատուական անվտանգութեան մարտահրաւէրները համացանցէն ներս»

Գիտաժողովի հիմնական գործածական լեզուներն են հայերէնը, ռուսերէնը եւ  անգլերէնը:

Գիտաժողովի ամփոփումներն ու զեկոյցները լոյս պիտի տեսնեն առանձին ժողովածուի տեսքով:

Առաւել մանրամասն կարդալ այստեղ։

2015 թուականին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած յիշարժան գիտաժողովներէն են՝ «Մերձաւոր Արեւելքի հայ հոգեւորականութեան առաքելութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն», «Հայ կինը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն եւ յետոյ», «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» եւ այլ գիտաժողովներ։