Հայկական արտադրութեամբ «Արմֆոն» հեռախօսները արդէն հասանելի են հայաստանցի գնորդին: Հայկական արտադրութեամբ առաջին smartphone-ները, ըստ զայն ստեղծող ընկերութեան հիմնադիրին, որակեալ են եւ ոչինչով կը զիջին շուկային մէջ առկայ տարբերակներուն:
«Ես հասկացել եմ մի բան. շուկայում ցանկացած ապրանքի համար կայ իր գնորդը, այսօր պայքարել ցածր արժէքի չինական կամ բարձր արժէքի ամերիկեան, կորէական կամ ճապոնական ապրանքի դէմ, անիմաստ է: Կարեւորը մեր ապրանքը որակեալ է, մենք պատասխանատու ենք որակի համար եւ մեր գնորդի կողքին ենք»,- ըստ Armenpress.am-ի` լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Technology and Science Dynamics ընկերութեան հիմնադիր նախագահ Վահան Շաքարեանը:
Ան նշած է, որ հեռախօսները հայ երիտասարդ մասնագէտներու, գիտնականներու երկու տարուան աշխատանքի արդիւնքն են: Վահան Շաքարեանը յոյս յայտնած է, որ «Արմֆոն»-ը եւ «Արմթաբ»-ը պիտի նպաստեն Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման` նոր անուն աւելցնելով «Պատրաստուած է Հայաստանում» խորագիրին տակ:
Վահան Շաքարեան տեղեկացուցած է, որ հայկական բջիջայինները մօտ ապագային պիտի յայտնուին Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Խրխզիստանի, Պելառուսիոյ, այլ խօսքով` Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայ` հասանելիութիւն ունենալով աւելի քան 160 միլիոնանոց շուկային: Այնուհետեւ ընկերութիւնը պիտի ձգտի նաեւ ամերիկեան ու եւրոպական շուկաներ:
Հեռախօսները ունին 5 տարբերակ ու ըստ իրենց ճարտարագիտական բնութագրիչներուն մրցունակ են. անոնք ունին ցած գին` համեմատ շուկայի մէջ առկայ հանրայայտ մակնիշներուն, բարձր են` չինական ոչ ծանօթ ապրանքանիշերէն:
«Արմֆոն»-ը կը տատանի 50-151 հազար դրամի սահմաններուն մէջ: Հեռախօսներուն զանգերը ներկայացուած են Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Նիկողայոս Տիգրանեանի, Ստեփան Էլմասի շարք մը ստեղծագործութիւններով:
«Ժամանակն է, որ մենք փոխենք մեր մտածելակերպը: Մեզ մօտ տպաւորութիւն է, որ Աստուած ստեղծել է աշխարհը, իսկ չինացիները ստեղծում են ամէն ինչ: Իրականում, Աստուած ստեղծել է աշխարհը, մենք էլ ստեղծում ենք մերը»,- ընդգծած է Վահան Շաքարեան:
ՀՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Էմիլ Տարասեանը, իր հերթին, նշած է, որ պիւտճէյի դասի smartphone-ներուն ցանկին մէջ «Արմֆոն»-ը մրցունակ է: «Շուկան ինքնակարգաւորիչ դեր ունի եւ կը ստիպի, որ այս ապրանքատեսակի որակական յատկանիշները զարգացում ունենան»,- ըսած է փոխնախարարը:
Ան հպարտութեամբ ընդգծած է, որ Technology and Science Dynamics ընկերութիւնը քանի մը տարի է` յաջողութեամբ գործունէութիւն կը ծաւալէ ազատ տնտեսական գօտիի մէջ եւ բարձր ճարտարագիտութիւններու մշակումով արդէն հանդէս կու գայ իր սեփական ապրանքանիշով:
Շնորհանդէսի ժամանակ ցուցադրուած է նաեւ հայկական արտադրութեամբ ռոպոթը, որ կ՝աշխատի «Արմֆոն»-ով: Անիկա ներկաները զարմացուցած է իր «հեզաճկուն» պարով: