ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ «ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՊՈՒՐԱԿ»-Ի ՀԻՄՆԱՐԿԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԱՐՔԱՄ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Մարմնին եւ Մարքամ քաղաքի հայութեան, Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ հիմնարկէքի արարողութիւնը Մեծ Եղեռնի մէկ եւ կէս միլիոն զոհերու յիշատակին նուիրուած «պուրակ»-ին, Մարքամ քաղաքի (Օնթարիօ) Աշթըն Մէտոզ (Ashton Meadows Park) հանրային պարտէզին մէջ:
Արարողութեան ներկայ էին Մարքամի քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ (Councillor) , Հայաստանի Հանրապետութեան Թորոնթոյի պատուակալ հիւպատոս Տիար Ռիչըրտ Պերճ Սվազլեան, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հովիւ Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւագ Քհնյ. Փանոսեան, Բարեշ. Նուրհան Սրկ. Իփէքեան, որ կը ներկայացնէր Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը, Հայ Աւետարանական համայնքէն Վեր. Եսայի Սարմազեան, 100-ամեակի Թորոնթոյի Մարմնի անդամներ եւ բազմաթիւ հայորդիներ: Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Եղեռնի զոհերուն:
Օրուայ հանդիսավար Պրն. Նշան Աթիքեան բարի գալուստ մաղթեց յանուն կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ ըսաւ. «Այսօր պատմական օր մըն է Մարքամի հայերուս համար, ուր պիտի կատարուի «Յիշատակի Պուրակ»-ի հիմնարկէքը եւ 2016-ի գարնան նախատեսուած տարբեր տեսակի 100 ծառերու ծառատնկումը»: Շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետարանին, որ վաւերացուցած էր «Ապրիլ 24-ը Յիշատակի Օր» բանաձեւը: Ան իր ելոյթը աւարտեց ըսելով. «Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթիին, քաղաքապետարանի տարբեր բաժանմունքներու պատասխանատուներուն` իրենց մատուցած օժանդակութեանց համար, նոյնպէս` պուրակին յատակագիծը պատրաստող Հայկ Սէֆէրեանին»:
Յանուն թորոնթոհայ գաղութին խօսք առաւ փաստաբան Պրն. Շահէն Միրաքեան, որ գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ յանձնախումբին մինչեւ օրս տարած եւ յաջողութեամբ պսակուած ձեռնարկներուն մասին:
Հ. Հ. Գանատայի մօտ դեսպան Ն. Գ. Արմէն Եգանեանի բարեմաղթութեան գիրը ընթերցեց Թորոնթոյի պատուակալ հիւպատոս Տիար Ռիչըրտ Պերճ Սվազլեան: Ան ալ իր կարգին շնորհաւորեց յանձնախումբին տարած աշխատանքները:
Իր ելոյթով Մարքամի քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթի գնահատանքով արտայայտուեցաւ հայ համայնքին տարած աշխատանքներուն մասին եւ յանձնախումբի ատենապետ Պրն. Գրիգոր Շիթիլեանին, ծրագրի պատասխանատուներ Պրն. Նշան Աթիքեանին եւ Շահէն Միրաքեանին յանձնեց յուշագիրներ քաղաքապետարանին կողմէ, որմէ վերջ տեղի ունեցաւ հողօրհնէքի արարողութիւնը:
Միասնական եւ լծակցական տրամադրութեամբ 2015-ի համար ծրագրուած 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները յաջողութեամբ պսակուեցան:
Վարձքը կատար բոլորին:
Մատաթ Բ. Մամուրեան