Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող յանձնաժողովը սուրիահայութեան եւ իրաքահայութեան վերաբերեալ յայտարարութիւն ընդունած է

Հայոց Ցեղասպանութեան 100­-րդ տարելիցի ձեռնարները համակարգող պետական յանձնաժողովը Սեպտեմբեր 25-ը ընդունած յայտրարաութեամբ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն, որոնք մէկ դար առաջ ապաստան տուին Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած մեր հայրենակիցներուն, որոնք դարձան այդ երկիրներու կառուցման գործին մասնակիցներ. ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի յայտարարութեան մէջ ըսուած է.

Այժմ, երբ վտանգուած է տարածաշրջանի ժողովուրդներու կեանքը, էթնիկական ու կրօնական համայնքներու գոյութիւնը, մենք մեր բարոյական պարտքը կը համարենք կանգնիլ անոնց կողքին: Այս օրերուն ողջ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռած է Միջին Արեւելքի, մասնաւորապէս` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող ողբերգական իրադարձութիւններու, ահաբեկչութիւններէն ու քաղաքացիական պատերազմէն փրկուած փախստականներու ճակատագիրներուն վրայ:

Հայաստան բացած է դռները Սուրիայէն եւ Իրաքէն եկած հայերուն առջեւ եւ աւելի քան 16 հազար փախստական ընդունած է: Հայաստանի պետական բոլոր կառոյցները ներգրաւուած են անոնց հիմնախնդիրները լուծելու եւ հասարակութեան մէջ անոնց ընդելուզումը արագացնելու աշխատանքներուն:

Հայկական սփիւռքի կառոյցները, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը բազմաթիւ ծրագիրներ նախաձեռնած են եւ իրականացուցած Սուրիոյ եւ Իրաքի հայութեան վիճակը մեղմելու ուղղութեամբ:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովը` ­

-խորապէս մտահոգուած ըլլալով Միջին Արեւելքի մէջ ծաւալող իրադարձութիւններով, ­

– շահագրգիռ ըլլալով այդ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան շուտափոյթ հաստատմամբ, ­

– խստօրէն դատապարտելով ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ իրականացուող ոճրագործութիւնները, որոնց զոհ կը դառնան հազարաւոր անմեղ մարդիկ, աւերակ կը դառնան սրբավայրեր, կոթողներ եւ մշակութային արժէքներ, ­

– գնահատելով նման վայրագութիւնները որպէս մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ գործուած յանցանքներ, ­

– գիտակցելով, որ տարածաշրջանի ժողովուրդներու պաշտպանութիւնը կը պահանջէ գործողութիւններու համադրում եւ համակողմանի աջակցութիւն, որոնց շարքին` մարդասիրական օգնութեան տրամադրում ինչպէս փախստականներուն, այնպէս ալ վտանգուած համայնքներուն`

ԿԸ ԴԻՄԷ

­- միջկառավարական եւ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, փախստականներու խնդիրներու լուծմանն ուղղուած ծրագիրներ իրականացնող պետութիւններուն` հնարաւորինս շտապ բազմակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել աղէտալի իրավիճակի մէջ յայտնուած Սուրիոյ ժողովուրդին, համապատասխան միջոցներ ձեռնարկելու բոլոր փախստականներուն եւ զանոնք ընդունելու հարցով գործօն քայլեր ձեռնարկած պետութիւններուն, որոնց մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան օժանդակելու խնդրով,

– հայաստանեան բոլոր պետական հիմնարկներուն, հանրային եւ մասնաւոր կառոյցներուն` այսուհետ եւս համակողմանի քայլեր ձեռնարկելու` դիւրացնելու համար սուրիահայերու առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծումները հայրենիքի մէջ,

– համայնքային բոլոր կառոյցներուն, անհատներուն` հնարաւոր բոլոր միջոցներով սատարելու եւ համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերելու ինչպէս դեռեւս Սուրիոյ մէջ գտնուող համայնքին, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն:

Սուրիահայութեան տագնապալի վիճակը ներկայիս ողջ հայ ազգի առջեւ ծառացած մարտահրաւէր է, եւ անիկա յաղթահարելու համար հրատապ անհրաժեշտութիւն է` համախմբել Հայաստանի եւ սփիւռքի ուժերն ու հնարաւորութիւնները` համակարգելու բոլոր գործողութիւնները` հաւաքական ջանքերով լուծում տալու մեր հայրենակիցներու հիմնախնդիրներուն:

Մենք կը վերահաստատենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու սփիւռքը այսուհետեւ եւս պիտի սատարեն արտակարգ իրավիճակի մէջ յայտնուած եւ օգնութեան կարիք ունեցող իւրաքանչիւր հայորդիի` որպէս սրբազնագոյն պարտք եւ պատասխանատուութիւն: