ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 102-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՄԱԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՄԷՋ

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի Մոնթրէալի մէջ համագաղութային նշումներու գլխաւորը հանդիսացաւ Ուրբաթ 21Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, Լավալ արուարձանի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին կից լարուած ընդարձակ վրանին տակ, խուռներամ ժողովուրդի մասնակցութեամբ: Հակառակ ցուրտ, անձրեւոտ եւ փոթորկալից կլիմային, հարիւրաւոր հայրենակիցներ փութացած էին իրենց հաւաքական եւ միասնական յարգանքը եւ ուխտը մատուցանելու Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակին:

Նախորդ քանի մը տարիներու նման, ոգեկոչման այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր նախաձեռնութեամբ երեք հայ աւանդական կուսակցութիւններու (ՀՅԴ, ՌԱԿ եւ ՍԴՀԿ), եւ մասնակցութեամբ մեր գաղութի բոլոր եկեղեցական, մշակութային եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու: Հոգեւորականաց դասը կը գլխաւորէին` Գանատահայոց Առաջնորդ Գեր. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, Գանատայի Հայց. Եկեղեցւոյ Պրելատ (Prelate) Գեր. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքի հովուապետ Հայր Գէորգ Զապարեան, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովուապետ Պատուելի Տապօ, շրջապատուած հոյլ մը եկեղեցական սպասաւորներով: Մեծարգոյ հրաւիրեալներու շարքին էին՝ ՀՀ Գանատայի մօտ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Արմէն Եգանեան, Հիւպատոս՝ Սասուն Յովհաննէսեան, շարք մը տեղական դաշնակցային, նահանգային, քաղաքապետական ղեկավարներ եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգերէն ետք եւ հանդիսավար Հրակ Չինչինեանի բացման համապարփակ ելոյթէն ետք, վարպետ սրնգահար եւ տուտուկահար Համբիկ Ճապուրեան օրուան խորհրդաւոր ոգեկոչումի մթնոլորտը ստեղծեց նուագելով զոյգ մը ազգային-ժողովրդական երգեր: Ապա պետական անձնաւորութիւններ մի առ մի հրաւիրուեցան, ներկայացնելու իրենց պատգամները, շեշտելով ցեղասպանութիւններու անհանդուրժելի եւ դատապարտելի հանգամանքը :

Հանդիսավար Չինչինեան հրաւիրեց երեսփոխան Էվա Նասսիֆը որ ներկայացուց Գանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի պատգամը. ապա ներկայացուեցան ընդդիմադիր Պահպանողական Կուսակցութեան պատգամը երեսփոխան Րոնա Ամպրոզի կողմէ, երկրորդ ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ NDP-ի ղեկավար Թոմաս Մըլքէյրի խօսքը, եւ Պլոք Քէպէքուայի նախագահ Մարիօ Պոլէոյի խօսքը: Քէպէք Նահանգի կառավարութեան անունով Լավալ տէ Րաբիտի երեսփոխան Սոլ Փոլօ, Սէնթ Րոզի երեսփոխաններ Մոնիք Սովէ, Ֆաւրի երեսփոխան Ճան Հապել ներկայացուցին հակիրճ ելոյթներ: Մոնթրէալի քաղաքապետութենէն, Քաղաքապետ Տէնի Գոտէրի փոխանորդ Յարութ Շիթիլեան եւ Լավալի քաղաքապետ Մարք Տէմէրս ներկայացուցին տպաւորիչ ճառեր: Հայ համայնքի բարեկամ եւ Պլոք Քէպէքուայի նախկին առաջնորդ Ժիլ Տիւսէփ նոյնպէս ներկայացուց իր անկեղծ զգացումները:

Հանրածանօթ ու սիրուած երգիչ Էլի Պէրպէրեան իր կուռ ձայնով հմայեց հանդիսականները երկու հայրենասիրական երգերով: Ապա ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան պրն. Արմէն Եգանեան հրաւիրուեցաւ իր պատգամը փոխանցելու: Պատմական ակնարկէ մը ետք,   պրն. դեսպանը տեղեկացուց թէ կարելի եղած էր ի դերեւ հանելու թրքական դաւադրութիւն մը խանգարելու համար Ապրիլ 24-ի տարեկան հայկական ոգեկոչումները: Պրն. Դեսպանը ապա չորս անձնաւորութիւններ պատուեց, անոնց յանձնելով պատուոյ գիրեր առ ի գնահատանք անոնց ազգային ծառայութիւններուն:

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր, յատկապէս այս առթիւ Փարիզէն հրաւիրեալ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցչական կազմին ատենապետ՝ Մուրատ Փափազեան, որուն խիստ տպաւորիչ, Ֆրանսերէն լեզուով ճառախօսութիւնը խորապէս տպաւորեց ներկայ հայ եւ օտար հանրութիւնը:

Յայտագրի վերջաւորութեան, ներկայ կրօնականները կատարեցին խմբային ոգեկոչման արարողութիւն մը, մինչ երկու սկաուտներ յուշարձանին առջեւ կը զետեղէին աւանդական ծաղկեպսակը, ի յիշատակ մեր Սրբադասուած մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն:

Գնահատելի են հայկական կազմակերպութիւնները եւ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, որոնք մէկդի դրած բոլոր վերապահութիւններն ու տարբերութիւնները, միասնականութեան ոգիով ու կազմակերպութեամբ, անգամ մը եւս համահայկական նշում մը  իրագործեցին:

Աւելցնենք թէ, նախորդ տարիներու նման Ցեղասպանութեան մեր Նահատակներուն ի յիշատակ, նոյն օրը կազմակերպուած էր արիւնի տուչութիւն: Իսկ Երկուշաբթի, 24 Ապրիլին կազմակերպուած էր խուռներամ ցոյց Օթթաուայի Խորհրդարանին առջեւ եւ զանգուածային քայլարշաւ Խորհրդարանէն դէպի Թուրքիոյ դեսպանատունը, մասնակցութեամբ մեծագոյն Մոնթրէալէն, Թորոնթոյէն եւ Օթթաուայէն աւելի քան 5000 հայորդիներու: Կատարուեցան դիպուկ ճառախօսութիւններ մեծամասնութիւնը ոչ-հայ աւելի քան տասնեակ մը քաղաքական դէմքերու կողմէ: