ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆ, ԿՈՆԴԱԿ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ՄՈՆԹՐԷԱԼԱՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆՆԵՐՈՒ

Շաբաթ 19 Դեկտեմբերին Գանատահայոց Առաջնորդութեան կողմէ հիւրընկալուած Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ընդունելութեան ընթացքին, աննախընթաց բարձր թիւով Թեմական, Ծխական, յարակից մարմիններու, բարերարներու եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի ու Լավալի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ բարեկամներու ներկայութեան Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան յառաջիկայ տօնական օրերու առիթով շնորհաւորեց եւ օրհնեց բոլոր ծառայողներուն ու բարձրօրէն գնահատեց անոնց նուիրումը մեր եկեղեցիներու պայծառացման համար: Ապա Սրբազան Հայրը փոխանցեց, իր նախաձեռնութեամբ կատարուած, բարձր գնահատանքները եւ պարգեւները հետեւեալ ազգայիններուն իրենց  բարձրարժէք ծառայութիւններուն առ ի գնահատութիւն.

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի  իր 80 ամեակի առիթով- Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Օրհնութեան Գիրը ու ՀՀ Սփիւռքահայութեան Նախարարութեան բարձրագոյն ոսկէ մետալը.

Տօքթ. Արթօ Տէմիրճեանի – ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ոսկէ մետալով.

Տէր եւ Տիկին Վրէժ եւ Իմաստուհի Նիկողոսեանի – Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձրագոյն պարգեւը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջին Կարգի Շքանշանը ու Հայրապետական Կոնդակը: Բարերար ամոլը իրենց անցեալի զանազան բարերարութիւններուն վրայ կու գան աւելցնել 250,000 Ամ. Տոլարի գումար մը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի միջոցաւ հիմնականօրէն վերանորոգելու Արցախի հիւանդանոցներէն մին:

Arm. 28 Dec. (Shkanshanner)2

Arm. 28 Dec. (Shkanshanner)3Ներկայ ազգայիններու գնահատական բուռն ծափահարութիւններով ու Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւններով վերջ գտաւ այս պատմական հիւրընկալութիւնը որուն ներկայ էին նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան եւ Լավալի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեան: