«Հայ Բեմ»ի Բեմադրիչ՝ Նանսի Իսսա Թորոսեան առաջին Մրցանակակիր

Նո’ր յաղթանակ մը:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայ Բեմ» Թատերախումբի Բեմադրիչ՝ Նանսի Իսսա Թորոսեան, կը դառնար, մրցանակի առաջին  դափնեկիր, իբրեւ բեմադրիչ՝ Մոնթրէալի բոլոր սիրողական թատերախումբերուն մէջ:

11 Յունիս 2016 ի երեկոյեան Paul Buissonneau Սրահին մէջ, հպարտութեամբ ներկայ գտնուեցանք, տուչութեան արարողութեան:

Յայտարարութեան պահն է: Երեք ֆրանսացի մասնագէտ դատաւորներու ներկայացուցիչը, չարաճիճիօրէն քաշքշեց յաղթականին անուան յայտնութիւնը: Մեր սրտի տրոփը կարծես վայրկեանի մը համար կանգ առաւ:… եւ վերջապէս՝ 5 PrixPB2016եզրափակիչ թեկնածու, այլ խիստ մրցակից արուեստագէտներու ընդմէջէն, առաջնութիւնը խլեց Նանսին:

Ազնուափայլ բեմադրիչը, յուզուած էր, սակայն երբ խօսք տրուեցաւ իրեն, շնորհակալական արտայայտութիւններու հետ չմոռցաւ յիշել թէ ինք հա’յ է եւ գլուխը՝ հայկակա’ն թատերախումբի մը:

Շնորհաւորութիւններ Նանսիին եւ «Հայ Բեմ»ի բոլոր աստղերուն եւ անձնուէր բոլոր աշխատողներուն:

Պ. Գ.

Photo credit Kevork Torosian