«Հայ Բեմ»ի 40-ամեակի տօնակատարութիւն

hay-pem-40Ժամանակագրութիւն Թէքէեան Մշակութային Միութեան

50-ամեայ թատերական գործունէութեան

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մոնթրէալի մասնաճիւղը իր գոյութեան աւելի քան 50 տարիներու ընթացքին, տարած է մշակութային բեղմնաւոր գործունէութիւն գրական, գեղարուեստական, թատերական մարզերուն մէջ:Բանիմաց ղեկավարներու եւ վարչութիւններու նուիրեալ աշխատանքով, Միութիւնը արժանացած է հասարակութեան վստահութեան եւ անվերապահ գնահատանքին:

Անցեալ դարու վաթսունական թուականներու առաջին կիսուն Եգիպտոսէն Մոնթրէալ կը ժամանէին առաջին արտագաղթողները, որոնցմէ փոքր թիւով հոյլ մը քով քովի գալով կ՜որոշէին Գահիրէի Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան մէջ իրենց տարած գործունէութիւնը շարունակել հոս եւս, հիմնելով նոյնանուն միութիւն մը: Քանի մը տարի յետոյ նոր ժամանողներով ուռճացող կազմակերպութիւնը կը վերակոչուէր Թէքէեան Մշակութային Միութիւն-Մոնթրէալ: Եռանդագին գործունէութեան կը լծուէին նորակազմ վարչութեան շուրջ բոլորուած անդամները: Այդ բազմաճիւղ գործունէութեան օղակներէն էր թատերական շարժումը, որուն նախաձեռնողն ու մղիչ ուժը Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան աչքառու դերակատարներէն՝ տիկ. Սիլվիա Գաբիկեանն էր: Թատերական շնորհ ունեցող անձեր շուրջը հաւաքելով՝ ան հիմը կը դնէր ԹՄՄ-ի թատերախումբին:

1966-ին,նորակազմ թատերախումբին առաջին ներկայացումը կ՜ըլլար Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար»ը,:

Քաջալերուած հանրութեան ցուցաբերած ընդունելութենէն, վարչութիւնը եւ տիկ. Գաբիկեան նոր ժամանողներու շարքերէն կը ներգրաւէին թատրոնի հանդէպ սէր ցուցաբերող երիտասարդներ, որոնք պիտի փափաքէին դեր վերցնել յաջորդական ներկայացումներու մէջ: Այդ օրերուն, Մոնթրէալ կը ժամանէր Աղեքսանդրիոյ Տիգրան Երկաթ Մշակութային Միութեան թատերախումբի երկար տարիներու դերասան-բեմադրիչ՝ տիկ. Հերմինէ Պաթմանեանը, որ շուտով կը միանար թատերական կազմին:

1968-ին,բեմադրութեամբ տիկ. Գաբիկեանի,թատերախումբը կը ներկայացնէր Շիրվանզատէի «Արմենուհի»ն, որուն մէջ դեր վերցուցած էր նաեւ եգիպտահայ թատրոնի երէց դերասաններէն՝ երգիծագիր պրն. Խորէն Տէտէեան:

1969-ին, կը բեմադրուէր Երուանդ Օտեանի «Ընտանիք, Պատիւ, Բարոյական» վէպը՝ բեմականացուած պրն. Տէտէեանի կողմէ: Թատերախումբը Պոսթոն կը մեկնէր հոն եւս ելոյթ ունենալու համար:

1975-ին, բեմադրութեամբ տիկ. Հերմինէ Պաթմանեանի, բեմ կը հանուէր սպանացի թատերագիր՝ Ալեհանտրօ Քասոնայի «Ծառերը կանգուն կը մահանան» գործը (Los arboles mueren de pie), որուն մէջ մեծ մօր դերը կը կատարէր տիկ. Գաբիկեան: Ներկայացումը մեծ յաջողութիւն կ՜արձանագրէր եւ թատերախումբը ելոյթ կ՜ունենար նաեւ Թորոնթոյի մէջ : Սոյն ներկայացումով թատերախումբը կը բոլորէր իր առաջին տասնամեակը:

Յաջորդ տարին Մոնթրէալ կը հաստատուէր Պէյրութի թատերական մարզի անուանի փրոֆեսիոնել արուեստագէտներէն՝ պրն. Պերճ Ֆազլեան, որ ընդգրկուելով Թէքէեանի միութենական կազմին մէջ, անմիջապէս գործի կ՜անցնէր շարունակելու համար թատերախումբին գործունէութիւնը ընդլայնուած ծիրով: Սկզբնական քանի մը շաբաթներուն տեղի կ՜ունենային փորձառական վարժութիւններ եւ խումբին կը միանային նոր ուժեր: Առաջին առիթով կ՜որոշուէր թատերախումբը «Թէքէեան Մշակութային Միութիւն ՀԱՅ ԲԵՄ թատերախումբ» անունով մկրտել՝ անոր իւրայատուկ նկարագիր մը տալու համար:

1976-ին, վստահելով թատերախումբին անդամներուն բեմական յատկութիւններուն, պրն. Ֆազլեան առաջին առիթով կըբեմադրէր ռուս թատերագիր-վիպագիր՝ Նիքոլայ Կոկոլի «Ամուսնութիւն» թատերախաղը: Ներկայացումը ջերմ ընդունելութեան կ՜արժանանար եւ բեմ կը հանուէր նաեւ Թորոնթոյի մէջ:

1977-ին, խանդավառուած առաջին բեմադրութեամբ ստեղծուած ժողովրդականութենէն, պրն. Ֆազլեան կ՜որոշէր բեմադրել Մոլիէռի կատակերգութիւններէն «Ագահը» (L’Avare), ինք ստանձնելով գլխաւոր դերը: Ներկայացման բացառիկ յաջողութեան արձագանգները կը հասնէին Ամերիկա եւ թատերախումբը ելոյթներ կ՜ունենար Թորոնթոյի, Ֆիլատելֆիոյ եւ Պոսթոնի մէջ:

1978-ին, երկու տրամաթիք թատերախաղեր կը ներկայացուէին քաղաքիս թատերասէրներուն, զանոնք խորապէս տպաւորելով նախ արծարծուած նիւթերուն իմաստով, նաեւ դերակատարներուն կատակերգութենէ դուրս համոզիչ խաղարկութեամբ: Թատերախաղերն էին անգլիացի գրագէտ Ճոն Պոյնթըն Փրիսլիի »Ոստիկանապետ մը եկաւ»ը (An Inspector Calls) եւ ֆրանսացի նշանաւոր գրող Ժան-Փօլ Սարթրի Morts sans sépulture թատերախաղին հայացուած տարբերակը՝ «Անպատանք դիակներ» վերնագրով:

1979-ին, կը բեմադրուէր գանատացի թատերագիր՝ Ռոպէր Կիւրիքի Le Pendu թատրերգութիւնը՝ հայերէնի վերածուած պրն. Ֆազլեանի կողմէ, «Պարան կը ծախեմ» վերնագրով:

1980-ին, դարձեալ երկու թատերախաղեր կը բեմադրուէին. առաջինը ֆրանսացի գրող, դերասան, ֆիլմերու բեմադրիչ՝ Ռոպէր Թոմայի «Ծուղակ»ն էր (Piège pour un homme seul), իսկ երկրորդը՝ անգլիացի գրող, դերասան, գրաքննադատ՝ Պեն Ճոնսընի «Ծեր Աղուէսը» (Volpone) երգիծական գործը:Մոնթրէալի մէջ ներկայացուելէ ետք առաջինը բեմ կ՜ելլէրնաեւ Թորոնթոյի եւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ, իսկ երկրորդը՝ Թորոնթոյի մէջ:

1981-ին, բեմադրուած երկու թատերախաղերը իրենց բնոյթով կը տարբերէին իրարմէ. առաջինը իտալացի թատերագիր Գարլօ Կոլտոնիի «Ստախօսը» (Il Bugiardo) կատակերգութիւնն էր, իսկ երկրորդը ամերիկացի վիպագիր Հենրի Ճեյմզի Washington Square բարոյալից վէպին թատերականացուած տարբերակը «Ժառանգորդուհին» վերնագրով (The Heiress): Թատերասէր հասարակութիւնը լիովին կ՜ըմբոշխնէր երկու ներկայացումները գնահատանքի խանդավառ ծափահարութիւններով:

1981-ը անմոռանալի թուական մը կը մնայ «Հայ Բեմ»ի այդ օրերու թատերախումբին համար: Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոնտոնի մասնաճիւղի վարչութիւնը, որուն այդ օրերու ատենապետն էր պրն. Վարդան Ուզունեան, Լոնտոն հրաւիրեց «Հայ Բեմ»ը մէկ շաբթուան համար ելոյթներ ունենալու:Յաջորդական հինգ օրերու ընթացքին ներկայացուեցան «Ագահը», «Ծեր աղուէսը» եւ «Ծուղակ» թատերախաղերըԼոնտոնի Իլինկ շրջանի ճանչցուած Questors Theatre-ի մէջ, որ կը հիւրընկալէ ոչ-փրոֆէսիոնել խումբերու ներկայացումները: Հինգ օրերուն ալ սրահը ամբողջապէս լեցուցած թատերասէրներու առջեւ, «Հայ Բեմ»ի դերակատարները իրենց անսայթաք խաղարկութեամբ մեծապէս տպաւորեցին ներկաները՝ արժանանալով անոնց գնահատական արտայայտութիւններուն:

1982-ը նոյնպէս եզակի եւ բացառիկ իրագործումի տարի մը եղաւ «Հայ Բեմ»ի համար:«Թէքէեան»ի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, պրն. Ֆազլեան հաղորդակցութեան մէջ մտաւհայրենի բեմի եւ սինեմայի անուանի դերասան՝ Մհեր Մկրտչեանի հետ, յանուն վարչութեան զայն հրաւիրելով Մոնթրէալ որպէսզի ներկայացնէր Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար»ը: Մհեր Մկրտչեան սիրով ընդունեց հրաւէրը եւ մօտ երկու ամիս Մոնթրէալ կեցութեամբ բացառիկ բեմադրութիւն մը իրականացուց ինք որպէս Պաղտասար իսկ Պերճ Ֆազլեան որպէս Օգսէն: Յաջորդական օրերու ներկայացումներուն սրահը յորդեցնող թատերասէրները վայելեցին խնդուքի պահեր եւ բարձրորակ խաղարկութիւն: «Պաղտասար աղբար»ը նաեւ ներկայացուեցաւ Թորոնթօ, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Պոսթոն, Ֆիլատելֆիա, պատուաբեր մակարդակի մը բարձրացնելով «Հայ Բեմ» թատերախումբը: Իսկ Լոս Անճելըսի մէջ տեղւոյն «Արտաւազդ» թատերախումբին անդամներով Մհեր Մկրտչեան բեմադրեց «Պաղտասար աղբար»ը, «Հայ Բեմ»ի կողմէ տէր եւ տիկին Ֆազլեաններու մասնակցութեամբ:

1983-ին, պրն. Ֆազլեան յանդուգն ծրագիր մը յղացաւ.բեմադրել Շէյքսփիրի«Օթելլօ»ն: Բնականաբար ինք եղաւ Օթելլօ, հարազատօրէն եւ ուժեղ կերպով դրսեւորելով մաւրիտանացի զինուորականին բարդ նկարագիրը եւ հոգեկան վերիվայրումները: Ներկաները ամբողջական կեդրոնացումովականատես եղան միջազգային դասական թատերախաղի մը աննախընթաց ներկայացման մոնթրէալահայ բեմին վրայ – այն ալ Օթելլօ – ինչ որ հազուագիւտ պատեհութիւն մըն էր:

1984-ին,«Հայ Բեմ»ըպրն. Ֆազլեանի բեմադրութեամբ ներկայացուց Գարլօ Կոլտոնիի «Երկու տիրոջ ծառան» (Il servitore de due padroni):

1985-ին, տեղի ունեցաւ պրն. Ֆազլեանի վերջին բեմադրութիւնը՝«Դրամները պահեցէք»:

1987-ին,Եգիպտոսէն Գանատա հաստատուած օփերայի նախկին երգչուհի, թատերական բեմադրութիւններու նուիրուած տիկ. Սելմա Քէքլիկեան «Հայ Բեմ»ի միացած նոր անդամներով բեմադրեց Մօրիս Հենըքենի «Գիշերաշրջիկը» կատակերգութիւնը

1998-ին,դարձեալ տիկ. Քեքլիկեանի բեմադրութեամբ, թատերախումբը բեմ բարձրացաւ Ռոպէր Թոմայի «Ութը կիներ» (Huit Femmes) թատերախաղով:

2009-ին, Մոնթրէալ կը ժամանէր հայրենի բեմի վարպետ՝ Երուանդ Ղազանչեան, որ «Հայ Բեմ»ի դերակատարներով կը բեմադրէր «Գնա՜ մեռիր, եկու՜ր սիրեմ» թատերախաղը:

2011-ին, տաղանդաւոր դերասան-բեմադրիչ Ժիրայր Բաբազեան Փարիզէն Մոնթրէալ գալով ԹՄՄ-ի կազմակերպութեամբ բեմադրեց Յակոբ Պարոնեանի «Ատամնաբոյժն Արեւելեան» կատակերգութիւնը, ինք վերցնելով Թափառնիկոսի դերը:

Յաջորդ տարին անկիւնադարձային եղաւ «Հայ Բեմ» թատերախումբին համար: Փրոֆեսիոնել դերասանուհի-բեմադրիչ Նանսի Իսսա Թորոսեան մուտք գործեց «Թէքէեան»ի յարկէն ներս իր տաղանդը ի գործ դնելու եւ «Հայ Բեմ»ը վերակազմակերպելու համար: Շնորհիւ իր դիւրահաղորդ նկարագրին, կարճ ժամանակի մէջ յաջողեցաւ իր շուրջը հաւաքել խումբ մը երիտասարդներ, որոնք պատրաստակամ էին իր ցուցմունքներուն հետեւելով բեմ ելլել՝ շատերը առաջին անգամ ըլլալով:

2012-ին, որպէս առաջին ներկայացում Նանսի Իսսա Թորոսեան բեմադրեց Մովսէս Պչաքճեանի «Անկարելի կարելին» թատերախաղը երկու անգամ, լիովին գոհացնելով թատերասէր հասարակութիւնը:

2013-ին, Ռիչըրտ Քալինոսքիի «Գազանը լուսնին վրայ» 19 լեզուներու թարգմանուած թատերախաղը ամբողջական յաղթանակ մը եղաւ «Հայ Բեմ»ի համար: 4 անգամ բեմադրուեցաւ: Մոնթրէալի մէջ, իսկ 1 անգամ ալ յատուկ հրաւէրով Գահիրէի մէջ, ուր մեծ գնահատանքի արժանացաւ:

2014-ին,Մոնթրէալի մեջ 4 անգամ ներկայացուեցաւ Մոլիէռի «Երեւակայական Հիւանդը» ապա մէկական անգամ Օթթաուայի եւ Թորոնթոյի մէջ:

2015-ին, Նանսի Իսսա Թորոսեան թատերասէրներուն ներկայացուցուց սովորականէն դուրս բեմադրութիւն մը, եռալեզու (ֆրանսերէն, հայերէն եւ անգլերէն), Je m’appelle Gomidas վերնագրով, քաղուած Տելֆին Ժաքարի (Պրիժիթ Դաւիթեան) Mémoire 1915-2015 գիրքէն: Բեմադրութիւնը նուիրուած էր Կոմիտաս Վարդապետի մահուան 80-ամեակին: Խորապէս տպաւորիչ այս ներկայացումը մեծապէս ցնցեց ներկաները:

Դարձեալ2015-ին, «Գազանը լուսնին վրայ» 3 անգամ եւս բեմադրուեցաւ այս պարագային ֆրանսերէնով (Une bête sur la lune), ի յայտ բերելով բեմադրիչին եւ թատերախումբին արուեստի բարձր մակարդակը:

2016-ին,«Հայ Բեմ»ի յաջորդ ներկայացումը եղաւ հռչակաւոր իտալացի թատերագիր, դերասան, բեմադրիչ եւ բանաստեղծ՝ Էտուարտօ Տէ Ֆիլիփփոյի Questi Fantasmi կատակերգութիւնը, հայերէնի վերածուած «Անպիտան Ուրուականներ» վերնագրով: Չորս ներկայացումներուն ալ ներկաները գնահատանք յայտնեցին ջերմ ծափահարութիւններով:

Վերջապէս, 2016Նոյեմբերի այս օրերուն կը բեմադրուի 40 տարի առաջ պրն. Պերճ Ֆազլեանի առաջին բեմադրութիւնը եղող Կոկոլի «Ամուսնութիւն» թատերախաղը:

2016-ին, Նանսի Թորոսեան եւ «Հայ Բեմ» թատերախումբը արժանացան հետեւեալ մրցանակներուն.  Prix àla meilleure production, au meilleur comédien et nomination à la meilleure comédienne (Gala des Arlequins) Une bête sur la lune եւ Prix Paul Buissonնeau à la meilleure metteure en scène

«Հայ Բեմ»ի յաղթական երթը կը շարունակուի թատերական նոր նուաճումներու խոստումով:

Նուպար Մամուրեան