Հայ- Թրքական յարաբերութիւններու գործընթացը «մահաքուն»ի մէ՞ջ

Տակաւին յստակ չէ, որ Հայաստան-Թուրքիա յատուկ բանագնացներու յաջորդ հանդիպումը երբ կը կայանայ, բայց բոլորիս համար ալ արդէն դարձած է բացայայտ, որ Ռուբէն Ռուբինեան-Սէրտար Քըլըճ վերջին հանդիպումէն բխած կարեւոր շեշտադրումները այս փուլին իրականութիւն պիտի չդառնան։

Ցանկացած ոք, որն արդէն մօտէն կը հետեւի Թուրքիոյ իշխող քաղաքական խումբի ներկայացուցիչներու բերնէն «թռած» խօսքերուն կապուած Հայ- թրքական գործընթացին լաւապէս «մարսած» պէտք է ըլլայ, որ իւրաքանչիւր վճռորոշ փուլի թուրք պաշտօնատարներ իրենց բերանը կը բանան ու ցանկացած քայլ կ՚ուզեն կապել Հայաստան-Ատրպէյճան խնդրին հետ, որն ինքնին «նոր երգ» մը չէ Թուրքիոյ համար։

Բաց ինքնիշխան Հայաստանի սահմաններէն ներս Պաքուի կողմէ կատարուած եւ «կարմիր գիծեր»ը խախտող բռնարարքները, ոչ միայն խանգարեցին Հայ-թրքական գործընթացը, այլ նաեւ «ոտքի տակ» առին «Խաղաղութեան դարաշրջան»ի դրօշակը, որուն միայնակ տէրն ու ծառան Հայաստանի անհեռատես իշխանութիւններն էին։

Այս բոլորի լոյսին տակ ալ եռօրեայ պատերազմը, որ ոչ միայն աւերածութիւն, զոհեր եւ բազմակողմանի խնդիրներ բերաւ Հայաստանին, նաեւ ցոյց տուաւ, Պաքու ունի «գաղտնագիր-ծրագիր» մը, որուն հիմնական նեցուկն ու պաշտպանը նոյնինքն Թուրքիան է։

Նոյնիսկ պատերազմական գործողութիւններու աւարտին Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայէպ Էրտողան, որ այս պատերազմի «դադրեցման» մասին յարեց, արար-աշխարհին ու բացայայտ կերպով ցոյց տուաւ, որ Պաքուի կողմէ կատարուած ցանկացած քայլ կը վարուի միայն ու միայն թրքական անմիջական նեցուկով։

Այս բոլորը ներկայացնել փորձեցի պարզապէս հասնելու համար այն եզրակացութեան, որ բոլոր անոնք, որ մեծ խանդավառութիւն մ’ունէին կապուած Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման «երազախաբ» վիճակէն դուրս գան եւ սկսին իրական գնահատականներու կառչիլ։ Թոյլ բանակով, խոցելի սահմաններով, անողնայար արտաքին քաղաքականութեամբ եւ ամէն օր քաղաքական նոր տիպի թէզ մը առաջ, քաշելու խակ մօտեցումներով Հայաստանի գործող իշխանութիւնները չեն կրնար ապահովել Հայաստանի կայունութիւնն ու մասնաւորապէս անվտանգութիւնը։ Հետեւաբար վերջին օրերուն եղած ծանր դէպքերը, թափուած արիւնը եւ մեր բանակի հերոսական սխրանքները պէտք է ըլլան նժարի իսկական կշռաքարերը, որոնցմով ալ կարելի պիտի ըլլայ մօտենալ տարբեր մակարդակի եւ տարբեր դրուածքի ընկալումներուն։ Հայաստանը ներկայ փուլին պարտաւոր է խօսիլ ու պարտաւոր է բարձրացնել անվտանգութիւն ապահովելու լեզուով եւ այդ մօտեցումին առընթեր ներկայ փուլին Թուրքիոյ հետ «խօսքի բռնուելու» մօտեցումն իսկ ժամավաճառութիւն է։

Ի դէպ հայ-թրքական «յարաբերութիւններ»ու եւ այդ առումով վերջին մէկ տարուան ընթացքին եղած գործընթացին մասին ուշագրաւ դիտարկումներ կատարած է հայրենի արեւելագէտ՝ Արմէն Պետրոսեան, որուն վերջին շրջանին կատարած յայտարարութիւնները ի մի բերելով եւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը հրամցնեմ «Ապագայ»ի ընթերցողներուն։

Պետրոսեան մասնաւորապէս կը գրէ՝ Հայկական կողմը առաջինը բարձրաձայնած է, որ հայ-թրքական գործընթացը կը մտնէ լճացման շրջափուլ, եւ անհրաժեշտ են գործունեայ եւ որոշակի կարեւոր քայլեր, ցոյց տալու համար, որ կողմերը պատրաստ եւ ազնիւ են յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցի իրենց դիրքորոշումներուն մէջ: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու չորրորդ հանդիպումը ընդհանուր առմամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու մասով կը տարբերէր առաջին երեք հանդիպումներէն: Միւս կարեւոր հանգամանքը՝ թրքական կողմէ գործընթացի ընդօրինակուած բնոյթի վերաբերեալ տարբեր գնահատականները հերքելն էր, եւ անոր փաստացի ապացոյցն էր վերջին հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, որոնք երկկողմանի յարաբերութիւններու տիրոյթին մէջ այնքան ալ էական նշանակութիւն չունէին, բայց գոնէ կ’առնչուէին այն հանգուցային կէտերուն, որոնց մասին հայկական կողմը բարձրաձայնած է այս գործընթացի մեկնարկէն ի վեր: Անշուշտ երկու կողմերուն մտքին է՛ որ ընթացք առած գործընթացը պէտք է աւարտին երկու երկիրներու միջեւ երկար ժամանակէ ի վեր փակուած սահմաններու վերաբացումով։

Չնայած, որ ըստ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեանց երկու երկիրներու սահմանը կը բացուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար, բայց սա փաստացի կը խօսի այն մասին, որ պէտք է սահմանները գործեն, բայց ոչ երկու երկիրներու քաղաքացիներուն համար:

Միւս կարեւոր հանգամանքը կը վերաբերի երկկողմանի բեռնափոխադրումներուն, որ այս պահուն տեսական նշանակութեան խնդիր է, որովհետեւ մենք գիտենք, որ օդային բեռնափոխադրումները իրենց արժէքով բաւականաչափ աւելի թանկ են, եւ իհարկէ անոնց արդիւնաւէտութեան մակարդակը դժուար է ներկայիս չափել, քանի որ չկան յստակ հաշուարկներ, բայց այնուամենայնիւ, սա պայմանաւորուածութիւն է, որ ձեռք բերուած է: Անոնք իրենց ազդեցութեամբ եւ նշանակութեամբ նուազագոյն կարեւորութեան պայմանաւորուածութիւններ են, բայց առնուազն գործընթացը դուրս կը բերեն լճացման փուլէն: Ամենակարեւորը պէտք է նշել, մէկ բան է պայմանաւորուածութիւններու ձեռք բերումը, եւ մէկ ուրիշ բան անոնց իրականացումը:

Կառավարութեան նիստին վարչապետը հանդէս եկաւ յանձնարարականներով, որոնք ուղղուած են ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման, իսկ մինչեւ այժմ թրքական կողմէն դեռ նման մակարդակով յանձնարարականներ կամ հրապարակային մօտեցում չէ հնչած, բացի Չաւուշօղլուի ընդհանրական յայտարարութենէն:

Բաւական դժուար է ըսել, թէ ե՞րբ կը բացուի սահմանը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար, որովհետեւ նոյնիսկ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը, որ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար սահմանը կը բացուի, հռետորաբանութեան տիրոյթի եւ միայն յայտարարութիւններու դաշտին մէջ է, եւ մինչեւ այս պահը գործնական քայլերու ականատես չենք ըլլար:

Ընդհանուր առմամբ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ուղղութեամբ, թրքական կողմի հետեւողականութեան բացակայութիւնը կը նկատուի ողջ գործընթացի ընթացքին: Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պայմանաւորելով Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացով կը խօսի այն մասին, որ այս գործընթացը երկար ժամանակ պիտի ձգձգուի: Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը պիտի փորձեն մէկը միւսին «փոխանցումներով» սեփական օրակարգը պարտադրել Հայաստանին: Մենք անընդհատ կը տեսնենք Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանի դիրքորոշման ընդգծում հայ-թրքական գործընթացի հետ կապուած: Այսպէս կոչուած՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի ծրագրի իրականացման հարցով Ատրպէյճանին ցուցաբերուող աջակցութիւն եւ Հայաստանին ուղղուած կոչեր՝ համարձակ քայլեր իրականացնելու վերաբերեալ:

Այսինքն՝ այս կը խօսի այն մասին, որ դեռ տեւական ժամանակ պիտի ընթանայ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, որ միանշանակօրէն պայմանաւորուած է նաեւ ուքրանական ճգնաժամով։ Ի վերջոյ որովհետեւ ուքրանական ճգնաժամը պիտի յանգեցնէ տարբեր տարածաշրջաններու մէջ նոր դիրքաւորումներու, եւ հաշուի առնելով Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ ներգրաւուած ըլլալու հանգամանքը՝ Թուրքիան չի շտապեր առարկայական քայլեր ընելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասի մէջ ընթացող գործընթացներուն մէջ, որպէսզի ստիպուած չըլլայ գործընթաց պահելու համար երթալ առարկայական փոխզիջումներու։ Թուրքիա նաեւ կը կը խորհի, որ Ուքրանիոյ կամ Արեւմուտքի մէջ Ռուսիոյ հնարաւոր թուլացումը կրնայ ենթադրել նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ թուլացում, որ իհարկէ աւելի կը մեծցնէ այս տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ դիրքերը ամրապնդելու հնարաւորութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի հնարաւոր մարտահրաւէրներուն, ի հարկէ այդ մարտահրաւէրները կան նոյնիսկ երրորդ երկիրներուն համար սահմանը բացուելու պարագային: Քանի որ Հայաստանը ունի պետական կառոյցներ, որոնք պատասխանատու են անվտանգութեան, մաքսային տարաբնոյթ յանցագործութիւններու, սահմանային տարբեր խախտումներու հետ կապուած, այս կառոյցները պէտք է կեդրոնացնեն իրենց գործողութիւնները նաեւ այդ սահմանին, որպէսզի բացառեն հնարաւոր այն խնդիրները, որոնք կրնան առաջանալ, եթէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանները բացուին:

Հայաստանը ունի պետական մարմիններ, որոնք ե՛ւ Վրաստանի սահմանին, ե՛ւ Իրանի սահմանին ունին աշխատանքի յաջող փորձ, եւ բնականաբար այդ փորձը կարելի է կիրառել նաեւ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման գործընթացին։ 

 

 Սագօ Արեան