Հայ պատգամաւորը. «Թուրքիոյ ՄԻ պաշտպանին ձեռքը Տինքի արիւնով թաթախուած է»

Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Նիհաթ Օմերօղլուն Տինքը «թրքականութեան վիրաւորում» յօդուածով դատապարտած է, անոր ձեռքը արիւնոտ է: Նման յայտարարութիւն ըրած է Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան:

Ըստ News.am-ի՝ թրքական Cumhuriyet պարբերականը կը փոխանցէ, որ Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խիստ քննադատութեան ենթարկած է Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Նիհաթ Օմերօղլուն` պահանջելով անոր հրաժարականը:

Կարօ Փայլան յիշեցուցած է, որ Նիհաթ Օմերօղլուն դեռ Վճռաբեկի մէջ դատաւոր եղած ժամանակ դատապարտած է Հրանդ Տինքը` «թրքականութիւնը վիրաւորելու» մեղադրանքով, ինչ որ ալ թիրախ դարձուցած ու յանգեցուցած է Տինքի սպանութեան կազմակերպման:  «Նման քայլ իրականացուցած մարդուն ձեռքը արիւնոտ է: Ան պէտք է հրաժարական տայ»,- ըսած է Կարօ Փայլան: