Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու կոչը գանատահայութեան

Կոչ Գանատահայութեան

Սիրելի հայրենակիցներ,

2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը ոգեկոչեցինք միասնական շարքերով եւ համատեղ ջանքերով։

Մենք, իբրեւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու Գանատայի մէջ գործող կառոյցներ, կոչ կ՛ուղղենք Գանատայի մեր հայրենակիցներուն, որ 100-ամեակի մեր համագործակցութեան յաջող եւ արդիւնաւէտ աշխատանաքին իբրեւ շարունակութիւն,  նոյն պատշաճութեամբ, համագաղութային տարողութեամբ եւ միացեալ նախաձեռնութիւններով 2016-ին տօնախմբենքՀայաստանի եւ Արցախի անկախութեանց 25-ամեայ յոբելեանները։ Միաժամանակ կը վերյիշեցնենք մեր հայերնակիցներուն, որ ամրակուռ եւ խիտ շարքերով ներկայ ըլլան յառաջիկայ Ապրիլ 24-ի Օթթաուայի ժողովրդային հաւաքին՝ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակը։

Այլ գետնի վրայ, Սուրիոյ պատերազմի այս տագնապալի հանգրուանին, հաստատելով մեր ազգային կուսակցական յանձնառութիւնը եւ տէր կանգնելով համազգային մեր պատասխանատուութեան՝ կոչ կ՚ուղղենք մեր գաղութի զաւակներուն, որ ուժերու ամբողջական լարումով անսան սուրիահայ մեր հայրենակիցներու օգնութեան կանչին: Սուրիոյ Հայ գաղութը իր դարաւոր առաքելութիւնը կենսագործած է բարձրաճակատ եւ այսօր ալ կառչած կը մնայ իր օճախին, առ այդ, կը վերահաստատենք մեր զօրակցութիւնը սուրիոյ պատմական մեր ոստանին։

Հայութեան պահանջատիրական դատին ծառայելու պատրաստ՝ կը գիտակցինք, որ հզօր Հայրենիքն ու յանձնառու Սփիւռքը որպէս զիրար ամբողջացնող լրացուցիչ բաղադրիչներ, պիտի ամրագրեն հայութեան միասնակամ երթը եւ ամբողջական Հայաստանի կերտումի հաւատոյ հանգանակը։

 

ՍԴՀԿ Գանատայի Շրջան

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ

ՌԱԿ Գանատա