Հանդիպում խորհրդարանի պատգամաւոր Եվա Նասիֆի հետ

Ապրիլ 4, 2016-ին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանը ընդունեց Վիմի (Քեպէք) շրջանէն ընտրուած Գանատայի Խորհրդարանի անդամ, Տիկ. Եվա Նասիֆին։ Սրբազան Հայրը Դաշնային պատգամաւորին ներկայացուց հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու ներկայ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկեց Գանատայի մէջ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն ու կոչումը եւ Գանատահայոց խաղցած դերը։
Սրբազան Հայրը տեղեկացուց Տիկին Նասիֆին Լեռնային Ղարաբաղի վրայ՝ Ազերի զինուած ոյժերու յարձակումներու վերջին իրադարձութիւններուն մասին։ Տիկ. Նասիֆ իր մտահոգութիւնը արտայայտեց եւ պատգամ մը փոխանցեց համահայկական համայնքին թէ Գանատան եւ Միջազգային Հանրութիւնը պէտք է միասնաբար աշխատին կասեցնելու համար վերոյիշեալ հակամարտութիւնները։