ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԳԱՆԱՏԱՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՐՇ. Տ. ԱԲԳԱՐ ԵՊՍ. ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆԻ ՀԵՏ

Նոր Տարուան սեմին հետեւեալ շահեկան զրոյցը ունեցանք մեր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ:

Հ. Կը հաճի՞ք հակիրճ կերպով անդրադառնալ անցնող տարուան գլխաւոր  անցուդարձներուն:

 Պ. Նախ շնորհակալութիւն «Ապագայ»ին, որ ուշադրութեամբ կը ներկայացնէ համայնքային կեանքի եւ Առաջնորդութեան գործունէութիւնները: Աստուծոյ կամքով տարի մը եւս անցուցինք ամէնքս միասին, իր լաւ կողմերով եւ դժուարութիւններով: Այս տարի եւս մեր թեմական կամ համայնքային կեանքին մէջ ունեցանք զանազան երեւոյթներ, որոնք արժանի են ուշադրութեան եւ գնահատանքի: Թէ’ թեմական եւ թէ’ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի համար բաւական արդիւնաւոր եւ օգտակար գործունէութիւններ ծաւալուեցան այս տարուան ընթացքին, թէեւ մեր ազգին համար շարունակուեցան դժուարութիւնները ու պատերազմական վիճակը. տուինք զոհեր եւ ունեցանք ցաւալի երեւոյթներ: Սփիւռքի մէջ ալ կարելի չէր որ անտարբեր մնայինք այդ դժուարութիւններուն: Ունեցանք սակայն յառաջխաղացումներ: Ողջունեցինք Հռոմի Պապին այցելութիւնը Մայր Աթոռ, նշեցինք մեր Մայր Հայրենիքի 25-րդ տարեդարձը: Մասնակցեցանք Մայր Աթոռի գլխաւորած Սրբադասման աննախընթաց արարողութեան եւ Թեմական կեանքի մէջ ունեցանք նոր ձեռքբերումներ, նոյն ատեն նոր լիցք հաղորդեցինք մեր ունեցած թեմական ծրագրերուն:

Հոգեւոր դասին մէջ նոյնպէս որոշակի փոփոխութիւններ, յաւելումներ ունեցանք. ծուխերէն ներս նոր պաշտօններ եւ նորանոր շունչ ներմուծուեցաւ: Հոգեւորական մը պահելու միջոցներ չունեցող ծուխերուն ու փոքր համայնքներուն համար, Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ նոր ծրագիր մը հաստատուեցաւ Stewardship անունով, ի նպատակ նոր հոգեւորականներու պատրաստութեան: Յոյսով ենք որ յառաջիկային թէ’ Քալկարիի, թէ’ Էտմընթընի, Համիլթընի, Սէնթ Քէթրինզի եւ Օթթաուայի ծուխերը պիտի օժտուին հոգեւորականներով:

Հ. Դուք կազմակերպեցիք նաեւ հայ յարանուանութիւններու հոգեւորականներու համագումարներ:

Պ. Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու մէջ նոր աշխուժութիւն կը նկատուի։ Սրբազան քահանայապետի Հայաստան ուխտագնացութեան կապակցութեամբ՝ Գանատայի մէջ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Առաջնորդի հետ հանդէս եկանք միացեալ յայտարարութեամբ, որ մեծ արձագանգ ունեցաւ մեր հաւատացեալներուն մէջ:

Նոյնպէս, Վեհափառ Հայրապետի՝ Երուսաղէմի մէջ Մեր Տիրոջ Յիսուս  Քրիստոսի գերեզմանի նորոգութեան կոչին ընդառաջելով, մեր նախաձեռնութեամբ միացեալ ջանքեր ստեղծուեցան Հայ Առաքելական, Կաթոլիկ եւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցիներու համատեղ յայտարարութեամբ և միասնական գործակցութեամբ:

Ինչ կը վերաբերի տեղւոյս հայ յարանուանական հոգեւորականաց  համագումարին, որ մեր հիւրընկալութեամբ Մարտ 1-ին տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանիս յարկէն ներս Հայ Առաքելական, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական շուրջ 30 հայ հոգեւորականներու  մասնակցութեամբ, նպատակ ունենալով յարաբերութիւններու մերձեցում, հիմնուած երկու հիմնական միացնող հանգամանքներուն՝ լեզուի եւ հաւատքի, որոնց շուրջ պէտք է կարողանանք ստեղծել տիալոկ մը, հարթելու գոյութիւն ունեցող տարաձայնութիւններն ու հեռաւորութիւնը:

Առաջնորդարանի յարակից մարմինները նոյնպէս ոչ մէկ ջանք կը խնայեն իրենց առջև դրուած առաքելութիւնը կատարելապէս իրականացնելու համար: CFFA-ի եւ CYMA-ի գործունէութիւններն այս տարի կեդրոնացան Վայոց Ձորի սահմանամերձ երկու գիւղերու մէջ: Այս տարուայ CYMA-ի ծրագրերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ օտարներ՝ Գերմանիայէն եւ ԱՄՆ-էն։

Աշխուժօրէն  շարունակուեցան դէպի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին եւ Երուսաղէմ ուխտագնացութիւններու տարեկան ծրագիրը, որը նոր լիցք եւ հոգեւոր նորոգութեան առիթ կը ստեղծէ մեր հայորդիներուն համար: Տեղին է ուրախութեամբ անդրադառնալ, մէկ այլ սոցիալական ծրագրին, որ ծնունդ առաւ անցած տարուայ ընթացքին։ Առաջնորդարանի միջնորդութեամբ Հայաստանէն երկու պատանիներու անվճար վիրահատութիւն կատարուեցաւ տեղւոյս Shriners հիւանդանոցին մէջ։ Պատանիներն ապաքինուած վերադարձան Հայաստան, իսկ ներկայիս Հայաստանէն ժամանած ուրիշ պատանի մը կը սպասէ իր դարմանումը ստանալ յառաջիկայ ամիսներուն:

Գալով Սուրիահայ ապաստանեալներու, Հայ Տունի ճանապարհով ժամանած մօտ 1700 նորեկներ, համայնքի կողմէ’ ներդրուած ջանքերուն շնորհիւ կ’ենթեկրուին Գանատահայ գաղութային կեանքին մէջ:

Հ. Վերջին քանի մը տարիներուն կը թուի թէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծիրէն ներս բաժանման երբեմնի սուր հակամարտութիւնը որոշ չափով մեղմացած է: Ի՞նչ է այս մասին ձեր կարծիքը:

 Պ. Վերջին տարիներուն ակնյայտ է եղբայրական մթնոլորտն ու գործակցութեան միասնական ջանքերն ազգային, հոգեւոր եւ եկեղեցական հիմնահարցերու շուրջ։ Նուիրապետական աթոռներու համատեղ աշխատանքով տեղի ունեցաւ Սրբադասումը Մեր բիւր-բիւրաւոր Նահատակներուն։ Թէ’ միջազգային  եւ թէ’ համազգային հարթակներու վրայ եկեղեցին հանդէս եկաւ իբրեւ ազգային շահերը հետապնդող մէկ միաւոր։ Մեր ժողովուրդը ականատես եղաւ այդ երեւոյթին թէ’ Վատիկանի, թէ’ Ուաշինկթընի, եւ թէ’ բնականաբար Մայր Հայաստանի մէջ։

Ցանկալի կ՚ըլլար, որ թեմական եւ համայնքային հարթակներու վրայ նոյնպէս Հայ Առաքելական Եկեղեցին ներկայացուէր բարձր ու պատշաճ մակարդակով, որի ձեռք բերման համար անշուշտ անհրաժեշտ է միասնականութեան կամքն ու ոգին, ինչպէս նաև համարձակութիւն եւ վճռականութիւն։

Երկու Հայրապետները մշտապէս շեշտած են, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին մէկ է եւ չկայ եկեղեցական բաժանում. ահա թէ ինչու համար յարկ չկայ եկեղեցին ներքաշել վիճաբանութիւններու մէջ, այլեւ պէտք է եկեղեցին ատկէ դուրս պահել։ Մեր եկեղեցւոյ Աթոռները իրենց կեանքը դասաւորող իրենց ներքին միաբանական օրէնսդրութիւններն ու կանոնադրութիւններն ունին, մինչդեռ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը համայն հայութեան կեդրոնն է, որ կ’ընդգրկէ բոլոր Նուիրապետական Աթոռները:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Մայր Տաճարի Իջման սեղանի առջեւ բազմիցս յայտարարած է թէ անընդունելի է «Էջմիածնական Թեմ» արտայայտութիւնը, եւ որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին մէկ է:

Երբեմն Սփիւռքի մամուլի մէջ «Էջմիածնական Թեմ» վրիպած որակումը, Ամենայն Հայոց պատմական կառոյցը կը ներկայացնէ որպէս սոսկական տեղային Աթոռի հանգամանքի:

Լուսաւորչի Աթոռին, եւ կամ անոր հաստատած թեմերին տալով որոշակի սահմանափակ տիտղոս կամ իրաւասութիւն իրաւական սխալ է, իսկ եթէ ինծի մնար ես կը որակէի իբրեւ յանցագործութիւն:

Ի՞նչ կը նշանակէ «Էջմիածնական Թեմ»: Մենք հոս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմ կը ներկայացնենք, եւ ոչ թէ միաբանութիւն կամ նուիրապետական աթոռ:

Այս է որ մտահոգութեան առիթ կու տայ՝ երբ բարձր մակարդակներու վրայ միասնականութիւնն ու սէրը կը տիրէ, հեռաւոր վայրերու մէջ երբեմն տեղ-տեղ տեղի կու տան իրաւական, կանոնական եւ ծիսական խնդիրներու:

Վերոյիշեալ երեւոյթները ոչ միայն պատմական հարցերու կը վերաբերին, այլ նաեւ կը ցոլան մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Օրինակ, մէկ տեղ սխալ նկատուած երեւոյթն ընդունելի է մէկ այլ եկեղեցիի մէջ: Երբեմն ալ կը պատահին անպատեհ միջադէպեր: Մէկ եկեղեցիէն նեղուած հայորդին կամ հաւատացեալը ողջունելի կը նկատուի Հայ յարանուանական մէկ այլ համայնքի մը մէջ:

Ճիշտ այս տեսակ երեւոյթներու սրբագրման կոչուած էր Գանատահայոց հոգեւորականաց միջ-յարանուանական հաւաքը մեզ մօտ, եւ Աստուծոյ կամքով գալ տարուայ ընթացքին կայանալիք Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ։

Հ. Սրբազան Հայր, Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծննդեան առիթով պատգամ մը ունի՞ք մեր ընթերցողներուն:

Պ. Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան բարեբեր այս օրերուն մեր սիրեցեալ ժողովուրդի զաւակներուն սրտի անհուն ուրախութեամբ կը մաղթեմ բարի եւ օրհնաբեր տարի մը, թող սիրոյ ու համերաշխութեան շնորհները յարատեւ ուղեկիցն ըլլան մեր ժողովուրդին ու պարգեւէն առողջութիւն, արեւշատութիւն, յաջողութիւն եւ Աստուածային առատ օրհնութիւններով լեցուն կեանք։

 «Ապագայ»