Հարցազրոյց Դոկտ. Արամ Էլակէօզի հետ Թեկնածու Խորհրդական Լաւալի Րընօ ընտրաշրջանի

Յարգելի Դոկտ. Էլակէօզ, մեր ընթերցողները ձեզի կը ճանչնան իբր Սթրազպուրկէն վկայուած գիտնական ( Docteur en Biologie Moléculaire), եւ այժմ կը ներկայանաք իբր Լաւալի խորհրդական: Հաճեցէք բացատրել:

Տարիներէ ի վեր իբր կամաւոր նահանգային  եւ դաշնակցային (բրովէնսիալ եւ ֆէտէրալ) քաղաքական գետնի վրայ՝  այժմ պատրաստ եմ Լաւալի ու յատկապէս Րընոյի քաղաքացիներուս աչալուրջ մտիկ ընել ու պահանջքները պաշտպանել:

Ի՞նչ բան ձեզի մղեց քաղաքական այս քայլը առնելու:

Նախ իբրեւ Հայ, քանի որ օտար ազգեր եւս կը մասնակցին ու կը յաջողին. չեմ վախնար  անխոնջ աշխատանքէ ու կը սիրեմ ժողովուրդին մօտենալ, շօշափելու անոր տեսակէտը, հետաքրքրուիլ իր ամենօրեայ խնդիրներով, ըլլան անոնք փողոցներու մաքրութեան, յաւելեալ շինութիւններու, եւ աւելի լայնօրէն՝ Լաւալի տնտեսական վիճակին բարձրացումին: Քննելու ու անհրաժեշտ լուծումներու խորունկ փորձառութիւնս պիտի կիրարկեմ միւս խորհրդականներուն հետ, Լաւալի խորհրդարանին մէջ, միշտ իբր Հայ:

Հաճեցէք նշել ձեր ընտրաշրջանին սահմանները:

Ռընոն կը կազմուի Գիւրէ Լապէլլ – արեւմուտքէն, օթօռութ 19 – արեւելքէն, Սէն Մարթէն – հարաւէն եւ 440՝ հիւսիսէն:  Հինգ թեկնածու ունինք. ուրեմն 4 հատ մրցակից ունիմ: Փափաքելի է որ Հայերը անդամ արձանագրուին Mouvement Lavallois խումբին:

  Ի՞նչ միջոցներով կրնանք ձեզի օգնել:

Օտար լեզուներ խօսող  կամաւորներու պէտք ունիմ, ինչպէս յունարէն, արաբերէն, իտալերէն խօսողներ, հեռաձայնով եւ դուռէ դուռ թեկնածութիւնս յիշեցնելու, նպատակներս որոշապէս յայտնելու համար:

Ե՞րբ պիտի ըլլան Մուվըման Լաւալուայի (Mouvement Lavallois) ընտրութիւնները Ռընօ ընտրաշրջանին մէջ:

Նախընտրական ընտրութիւնները տեղի կ’ունենան Օգոստոս 2-3ին շաբաթը իսկ վերջնական ընտրութեան օրը Նոյեմբերին է:

Ջերմօրէն կը քաջալերենք որ այս թիւով այդ շրջանի Հայերը կապուին Արամ Էլակէոզին  514-963-7464: Այլ մանրամասնութիւններ կը գտնէք նաեւ նկարին ներքեւ: Յաջողութիւն եւ լաւագոյն մաղթանքներ ձեզի, յարգելի Արամ Էլակէօզ:

 

                                                                   Հարցազրոյցը վարեց՝

                                                                   Քրիստինէ Տրդատեան Գույումճեան

                                                                   Արարատ Բնակարաններ

                                                                             Լաւալ, Քէպէք