Հարցազրոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ վերելակի կառուցման աշխատանքները համակարգող վարդան Գարասէֆէրեանի հետ

Արդէն ամիս մըն է որ սկսած են Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի մուտքին վերելակի մը կառուցման աշխատանքները: Դիմեցինք այս ծրագրի համակարգող ճարտարագէտ եւ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամ՝ պրն. Վարդան Գարասէֆէրեանին, ստանալու համար այս ծրագրի իրագործման մանրամասնութիւնները:

Հ- Կը թուի թէ տարուէ տարի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ շէնքին մէջ վերելակի մը կառուցումը հետզհետէ աւելի շեշտակի անհրաժեշտութիւն մը կը դառնայ: Ի՞նչ է պատճառը:

Պ- Բնական երեւոյթ մըն է որ մեր ժողովուրդին մէջ եւս կը բազմանայ տարեցներու թիւը, եւ ուրեմն կը բազմանայ աստիճան ելլելու եւ իջնելու դժուարութիւն կամ անկարելիութիւն ունեցողներու թիւը: Անձամբ կը ճանչնամ մարդիկ որոնք ֆիզիքապէս անկարող են (handicap) աստիճաններէ բարձրանալ կամ միայն անուաթոռներով կարող են տեղափոխուիլ: Անոնք կ’ուզեն եկեղեցի գալ, բայց կարող չեն աստիճաններ ելլել կամ իջնել: Ուրեմն վերելակի անհրաժեշտութիւնը կենսական դարձած է:

Հ- Կարելի չէ՞ր միայն թեք հարթութիւններ (ramp) հաստատելով լուծել հարցը:

Պ- Մենք արտօնուած չենք աստիճանի տեղ թեք հարթութիւններ  հաստատելու, որովհետեւ մեր եկեղեցաշէնքի նուազագոյն արտաքին երեւոյթի փոփոխութիւն խստիւ արգիլուած է քաղաքապետութեան կողմէ, նկատի ունենալով որ մեր 90 տարեկան եկեղեցաշէնքը արձանագրուած է որպէս ճարտարապետական ժառանգութիւն (heritage): Նոյնիսկ ներքին փոփոխութիւններ կատարելը սահմանափակուած է մանրամասնեալ օրէնքներով:

Հ- Կը խորհի՞ք թէ այս շինարարական աշխատանքը պիտի դժուարանայ այս քարաշէն ու հաստատուն շէնքին մէջ:

Պ- Անկասկած: Արդէն դիմագրաւած ենք բազմաթիւ դժուարութիւններ: Խնդրեցինք նուազագոյնը փողոցի մակարդակէն նոր դուռ մը բանալ վերելակ մտնելու համար, խուսափելու համար արտաքին աստիճաններէն: Ուրեմն պէտք էր որ այդ նոր դուռը շինուէր ներկայ դուռերուն նոյն փայտի տեսակով, նոյն որակով, նոյն գոյնով եւ նոյն ոճով: Բարեբախտաբար յաջողեցանք իրականացնել այդ մասը ինչպէս կը տեսնէք կցուած լուսանկարին մէջ:

Հ- Ուրեմն սկսած է վերելակի ծրագրին աշխատանքը:

Պ- Այո, սկսած է Սեպտեմբեր ամսու վերջաւորութենէն ի վեր: Կը ջանանք ցուրտ օդերը չսկսած դուրսի աշխատանքը վերջացնել, դուռները գոցել եւ շարունակել ներքին աշխատանքը: Դիմագրաւեցինք նաեւ չնախատեսուած բազմաթիւ հարցերէն մեծագոյնը՝ վերելակի հիմեր հաստատելու համար պեղումներ կատարելու աշխատանքը, երբ յայտնուեցաւ որ մակերեսին տակ ընդերքը ժայռոտ է եւ կը կարօտի խոշոր չափանիշի պեղիչ մեքենաներու. սակայն անոնց յառաջացուցած ցնցումներն ու թռթռումները կրնային վնասել 10 մեթր խորութեամբ գտնուող ստորգետնեայ երկաթուղին (Metro): Ուրեմն արտօնուած էինք միայն օգտագործել կլոր սղոցներ, ինչ որ երկարաձգեց շինութեան տեւողութիւնը ու կը բարձրացնէ ծախսը: Հիմա վերջացած են այդ փորելու աշխատանքները եւ կը պատրաստուինք այս օրերուն յատուկ պարունակներու մէջ թափելու ցեմենտը (cement): Գրեթէ վերջացած է խողովակներու եւ կոյուղիներու տեղադրումը ինչպէս նաեւ գրեթէ անկարներու յատուկ լուացարանն ու արտաքնոցը:      elevator2

Հ- Այս ընթացքով ե՞րբ կը նախատեսէք ծրագրի աւարտը:

Պ- Հակառակ չնախատեսուած բազմաթիւ դժուարութիւններու, ծրագիրը կ’ընթանայ յաջողութեամբ: Անշուշտ, 90 տարի առաջուայ շինարարութեան օրէնքները շատ աւելի տարբեր եղած են, սակայն կարելի եղաւ բոլոր դժուարութիւններու եւ հարցերու լուծումներ գտնել: Կը նախատեսենք որ ծրագիրը աւարտի յառաջիկայ Յունուարի վերջերը կամ Փետրուարի մէջ: Ես որպէս համակարգող (Coordinator), Րաֆֆի Քէշեանը որպէս Ծրագրի Վարիչ (Project Manager) եւ Մարտիրոս Պայկընը որպէս ճարտարապետ, արհեստավարժ կերպով կը հետապնդենք ծրագրի իրագործումը:

Հ- Կրնա՞ք գաղափար մը տալ վերելակի յարկերուն մասին:

Պ- Անշուշտ բնակարանի յարկերու չափ չեն: Առաջին յարկը պիտի ըլլայ ներքնայարկը որ Մարի Մանուկեան սրահի մակարդակով է, երկրորդը՝ փողոցի մարդակով վերելակի մուտքն է, իսկ երրորդ յարկը եկեղեցիի մուտքն է Վաչէ Յովսէփեան սրահի մակարդակով: Հոս երկու աստիճանները շրջանցելու համար թեք հարթակ մը (ramp) պիտի դրուի: Վերելակը ընդամէնը 14 ոտք բարձրութեամբ կը բանի, եւ կարող է մօտ 1000 լիպրա (lb) ծանրութիւն տեղափոխել: Ունի երեք ինքնագործ դռներ:

Հ- Նիւթական կարիքներու մասին կրնա՞ք գաղափար մը տալ:

Պ- Ցարդ կատարուած նուիրատուութիւններէ գոյացած է շուրջ 45 հազար տոլար, որ անշուշտ տակաւին շատ հեռու է ամբողջ ծախսերը դիմագրաւելէ, սակայն, լաւատես ենք թէ պիտի հասնինք մեր նպատակին:

Շնորհակալութիւն եւ յաջողութիւն:

                                                                                                                                                     Յ. Ա.