Հայաստանցիները հիմնականօրէն բաւարարուած են աշխատանքային կազմով, գործընկերներու եւ ղեկավարութեան հետ յարաբերութիւններով: Այս եզրակացութեան եկած են «Հայաստանի գենդերային բարոմետր» (Armenia Gender Barometer) հետազօտութեան հեղինակները:
Ըստ հետազօտութեան, աւելի ցած է աշխատանքային պայմաններով եւ մասնագիտական աճի հնարաւորութիւններով հարցուողներուն բաւարարուածութեան աստիճանը: Հարցուածները աւելի դժգոհ են աշխատավարձի չափէն, կը գրէ Panorama.am-ը:
«Արական եւ իգական սեռի հարցուողներու պատասխաններուն համեմատութիւնը կը վկայէ, որ ինչպէս կանայք այնպէս ալ հարցուած 63 տղամարդ գրեթէ նոյն չափով բաւարարուած են աշխատանքային կազմի, գործընկերներու եւ ղեկավարութեան հետ յարաբերութիւններով, ինչպէս նաեւ աշխատանքային պայմաններով: Սակայն կանայք աւելի քիչ բաւարարուած են աշխատավարձով եւ մասնագիտական աճի հնարաւորութիւններով, քան տղամարդիկ»,- ըսուած է հետազօտութեան մէջ:
Տղամարդ հարցուածներուն մէջ աշխատավարձի չափով լիովին բաւարարուած է 9.7%-ը, կանանց` 6.7%-ը: Գործընկերներու ու ղեկավարութեան հետ յարաբերութիւններով լիովին բաւարարուած են տղամարդոց` համապատասխանաբար 48.7%-ը եւ 43.4%-ը, կանանց` 48.3%-ը եւ 46.7%-ը:
Աշխատավարձի չափէն բոլորովին բաւարարուած չէ տղամարդոց` 29.9%-ը, աւելի շուտ բաւարարուած չէ 24.7%-ը, ինչ կը վերաբերի կին հարուածներուն, ապա բոլորովին բաւարարուած չէ 37%-ը, աւելի շուտ բաւարարուած չէ 30.9%-ը:
Սեռական հետազօտութիւններու եւ առաջնորդութեան ԵՊՀ կեդրոնը հիմնադրուած է 2013-ի Մայիս 7-ին ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութեան «Հայաստանի մէջ սեռական հաւասարութեան ապահովման եւ կանանց հնարաւորութիւններու ընդլայնման» եռամեայ ծրագրի ծիրէն ներս: Ծրագիրը կ’իրականացուի Արիզոնայի պետական համալսարանի Մելիքեան կեդրոնի եւ Արիզոնայի պետական համալսարանի Ընկերային փոխակերպումներու դպրոցի հետ համագործակցութեամբ: