Հոլանտ վստահ է Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումին

Փարիզի մէջ Յունուար 28-ի երեկոյեան տեղի ունեցած է Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքը, որուն ներկայ եղած են Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ եւ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, ֆրանսահայ ականաւոր քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տեւեճեան, «Սորպոն»ի հայազգի դասախօս Մարկ Մուղալեան, որ առաջին անձն էր, որ փորձած էր անցեալ Օգոստոս 21-ին կանգնեցնել Փարիզ-Պրիւքսէլ գնացքի ահաբեկչը եւ որուն համար Հոլանտէն արժանացած էր Ֆրանսայի Քաջութեան չորրորդ աստիճանի պարգեւին. ներկայ էին նաեւ ֆրանսահայ հասարակական ու քաղաքական գործիչներ:

Իր խօսքին մէջ, Հոլանտ յայտարարած է, որ արդէն իսկ սկսած են Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրէնք մը պատրաստելու քննարկումները՝ նշելով, որ օրինագիծին պատրաստումը վստահուած է Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի նախկին նախագահ Ժան Փօլ Քոսթայի:

Հոլանտ, դիմելով ներկաներուն՝ նշած է, որ ինք լաւ գիտէ, թէ ինչպիսի՛ դժգոհութիւններ յառաջացած են 2012-ին ներկայացուած օրէնքի մերժումին պատճառով, որ հաւանաբար ներկայացուած էր հապճեպով: Ֆրանսայի նախագահը նաեւ ըսած է. «Հայաստան եւ Թուրքիա միշտ պէտք է գիտնան, թէ Ֆրանսա պատրաստ է զիրենք երկխօսութեան առաջնորդելու»: