ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 10 ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻԿ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Յարութիւն Դերձակեան

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի ողբերգական

մահուան 10 րդ. տարելիցին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս

22 Յունուար 2017 Կիրակի առաւօտ Գանատահայոց թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ

Ս. պատարագի ընթացքին հոգեւոր հովիւներ յաւուր պատշաճի իրենց քարոզները կեդրոնացուցին Հրանդ Տինքի ողբերգական սպանութեան վրայ, ապա ողբացեալին հոգւոյն ի հանգիստ կատարուեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն։

Յետ միջօրէին Թորոնթոյի մէջ գործող հայկական ութ միութիւններու՝Թորոնթոյի Հայ Ակումբի, Մխիթարեան Սանուց Միութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Պոլսահայ Մշակութային Միութեան, Նոր Սերունդ Բարեսիրական Միութեան, Գանատա-Հայաստան Առեւտրական Խորհուրդի, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան,  Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղի կողմէ Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ Հրանդ Տինքի համար մասնաւոր ոգեկոչման սգահանդէս մը կազմակերպուած էր։ Այս առթիւ որպէս օրուայ պատգամաբեր Գերմանիայէն յատկապէս հրաւիրուած էր՝ Գերմանիոյ խորհրդարանի (Պունտեսթակ) պատգամաւոր, Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ, Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունող բանաձեւի համահեղինակներէն Ճեմ Էօզտէմիր։ Ճեմ Էօզտէմիր օր մը առաջ ալ այս նիւթի մասին Մոնթրէալի մէջ ելոյթ ունեցած էր։

Պատուոյ հիւրերը գլխաւորութեամբ՝ Օնթարիօ նահանգի վարչապետուհի Գաթլին Ուինի եւ Ճեմ Էօզտէմիրի, սրահէն խումբով մուտք գործեցին ներկաներու բուռն ծափահարութիւններով։ Խումբին մաս կը կազմէին Թորոնթոյի Գերմանիոյ հիւպատոսը եւ հիւպատոսարանէն ութ հոգինոց պատուիրակութիւն մը ներառեալ Ճեմ Էօզտէմիրի անձնական քարտուղարուհին, դաշնակցային եւ նահանգային երեսփոխաններ, քաղաքի բոլոր հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը, շարժանկարի բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան, կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։

Հայ Կեդրոնի ընդարձակ սրահը լեցուած էր 700 հոգիէ աւելի խուռներամ բազմութեամբ մը, որոնց մէջ կը գտնուէին նաեւ Թուրք հայրենակիցներ։ Ներկաներէն շատեր առանց տեղ գտնելու ոտքի կը հետեւէին հանդիսութեան։

Կազմակերպիչ միութիւններու անունով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ քաղաքի ծանօթ ազգային գործիչներէն – գրող Րաֆֆի Պետրոսեան, որ պատուոյ հիւրերը ծանօթացնելէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեց ի յարգանս Հրանդ Տինքի։

Րաֆֆի Պետրոսեան հանգամանօրէն վարեց հանդիսութիւնը։ Անգլերէն լեզուով իր խօսքերուն սկսաւ բացատրելով թէ այս ձեռնարկներու նպատակը միայն Հրանդ Տինքի ոգեկոչում չէ, այլ Հրանդին սկսած ճանապարհը շարունակել է, որուն վերջնական նպատակն է հայ եւ Թուրք ժողովուրդներու հաշտեցումը, ասիկա կարելի պիտի ըլլայ միայն պատմական իրականութիւններու բացայայտումով, ճշմարտութիւններու եւ արդարութեան վրայ հիմնուած երկխօսութեամբ։ Ասոր համար է որ անցեալ ոգեկոչումներուն հրաւիրուած բանախօսներ, պատմաբան Թանէր Աքչամ, լրագրող Հասան Ճէմալ եւ փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթին նոյնպէս Հրանդին նպատակներուն հետեւող եւ Թուրքիոյ մէջ պատմական իրականութիւններու եւ արգելքներու դէմ պայքարող անձեր էին։

Հրանդ Տինք, երբ իրողութիւններու վրայ հիմնուած երկխօսութիւն ընելու եւ իրականութիւնները պարզելու կ՚աշխատէր, յարձակումի թիրախ դարձաւ։ Րաֆֆի Պետրոսեան խօսեցաւ նաեւ գերմանացի Wolfgang Gust ի պատրաստած գրքին կարեւորութեան մասին որ կը խօսի 1915 ին Օսմանական թուրքիոյ մէջ պատահած դէպքերու եւ գերմանական կառավարութեան անտարբերութեան մասին։ Յայտնենք որ Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի զոյգ ձեռնարկներուն պատմական ակնարկի մասը պատրաստուեցաւ Զօրեան Հիմնարկի աշխատանքներով։

 

Մինչ այդ, պաստառի վրայ տեսաերիզով ցուցադրուեցաւ Հրանդ Տինքի պատգամը, ինչպէս նաեւ իր կողակցին՝ Ռաքէլ Տինքին շնորհակալութեան ուղերձը, որ Հրանդի դատին պաշտպան կանգնելուն համար Ճեմ Էօզտէմիրին շնորհակալութիւն կը յայտնէր։

Օնթարիօ նահանգի վարչապետուհի Գաթլին Ուինի սրտի խօսքէն ետք, գեղարուեստական բաժնին մէջ բեմը յանձնուեցաւ գաղութի սիրելի ու շնորհալի երիտասարդուհիներէն սոփրանօ Լին Անոյշ Իշնարի, որ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս այս ոգեկոչման օրուայ առիթով պատշաճ երկու երգերով հանդէս եկաւ գեղեցկօրէն մեկնաբանելով « Անտունի », ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինքի ու Ռաքէլ Տինքի շատ սիրած « Սարի աղջիկ » ( Սարը Կէլին )ը որ հարաւային կովկասի ու արեւելեան Անատոլուի ժողովուրդին կողմէ շատ սիրուած երգ մըն է։ Իրեն դաշնակով մասնակցութիւն բերաւ Թալին Քըլըպոզեան։

Րաֆֆի Պետրոսեան ապա օրուայ հիւր բանախօս Ճեմ Էօզտէմիրը ներկաներուն  ծանօթացնելով, հրաւիրեց զինքը որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ։  Ճեմ Էօզտէմիր ծափահարութիւններով բեմ բարձրացաւ, ներկաները ողջունելէ ետք,  բացատրեց թէ ամէն ինչը Հրանդին կը պարտինք եւ պէտք է երախտապարտ ըլլանք իրեն, իրեն շնորհիւ է որ թուրքիոյ ժողովուրդը իր յօդուածներով, իր բանախօսութիւններով եւ իր տուած մարդասիրական ճշմարիտ խօսքերով իմացաւ 1915 ի տխուր դէպքերու մասին, « Ակօս » թերթը հիմնեց երկու լեզուով, որպէսզի ժողովուրդը կարենայ կարդալ եւ հասկնալ։ Ան յատկապէս նշեց թէ՝ Հրանդին հետ ծանօթանալէ ետքն է որ այս նիւթը իր մէջ զարգացաւ եւ համոզուեցաւ որ պէտք է արտայայտուիլ ոչ թէ միայն Թուրքիոյ այլ նաեւ Գերմանիոյ պատասխանատուութեան մասին եւ որոշեց այս բանաձեւը ներկայացնել գերմանիոյ խորհրդարան։ Ըսաւ որ Հրանդին շնորհիւ է որ ազատամտութեամբ կը խօսինք մարդու իրաւունքներու մասին։ Անոր շնորհիւ է որ ներկայիս թուրք մտաւորականներ կրնան ազատօրէն արտայայտուիլ այս նիւթի մասին։ Հրանդին նպատակն էր դրացի հայ եւ թուրք ժողովուրդները իրարու հետ հաշտեցնել։ Տասը տարիներ առաջ գերմանիոյ մէջ տուժողներու իրաւունքները երբ ընդունուեցան, խորհեցանք որ թուրքիոյ մէջ ալ իրաւունքներու ճանաչումներ տեղի կ՚ունենան, բայց սպասուածը չիրականացաւ եւ հասկցուեցաւ որ աւելի զօրաւոր բառեր գործածելով է որ կրնանք որոշումի մը յանգիլ։ Այսպէս գերմանական կառավարութիւնը վերջապէս այս որոշումը տուաւ։ Ճեմ Էօզտէմիր իր խօսքերը հետեւեալ կերպով շարունակեց « Պէտք է թուրքիան իր պատմութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ եւ ժողովուրդը այդ ճամբով լուսաբանէ, այն ատենէ որ իսկական հանգստութիւն մը պիտի ունենանք եւ մեզի  Եւրոպայի մուտքի դռները պիտի բացուին։»

Ճեմ Էօզտէմիր իր ելոյթը աւարտին բերաւ ստանալով ներկաներուն որոտընդոստ երկարատեւ ծափահարութիւնները։

Կազմակերպութեան անունով, ձեռամբ՝ Պոլսահայ Միութեան Ատենապետ Արամ Իշնարի օրուայ հիւր բանախօս Ճեմ Էօզտէմիրին գեղեցիկ ոսկեայ մէտայլ մը նուիրուեցաւ, որուն մէկ կողմը քանդակուած էր ողբացեալ Հրանդ Տինքի դիմանկարը։

Այնուհետեւ ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հիւր բանախօսին հարցումներ ուղղելու։ Էօզտէմիր հարցումներուն պատասխանեց պարզ եւ սրտաբաց արտայայտութեամբ, որոնք ջերմ կերպով գնահատուեցան ներկաներու կողմէ։