ՀՀ բարձրագոյն մասնագիտական կրթութեան համակարգի թափանցիկութեան ապահովման նպատակով 2013 թուականէն մեկնարկած է բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու վարկանիշաւորման գործընթացը, որուն հերթական արդիւնքները հրապարակելով ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան յայտարարած է, որ միասնական վարկանիշով 1-ին տեղը կը գրաւէ Երեւանի պետական համալսարանը, 2-րդը՝ Հայ-ռուսական սլաւոնական համալսարանը, 3-րդը` Երեւանի պետական բժշկական համալսարանը:
«4-րդը Ամերիկեան համալսարանն է, 5-րդը` Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանը, 6-րդը` Հայաստանի ֆրանսական համալսարանը, 7-րդը` Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանը, 8-րդը` Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանը, 9-րդը` Վ. Պրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարանը, 10-րդը` Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանը»,- յայտարարած է Արմէն Աշոտեան:
Վերջինիս խօսքով` Երեւանի պետական համալսարանը նախորդ տարի եւս առաջատարը եղած է, բազմաթիւ ցուցանիշներով ունի դրական միտումներ:
Նշենք, որ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու վարկանիշաւորման համար ուսումնական հաստատութիւնները խմբաւորուած են ըստ համալսարաններուն մէջ առկայ կրթական ծրագիրներու եւ մասնագիտական ոլորտներու, ինչպէս նաեւ առանձնացուած են արուեստի համալսարանները: