Հ.Հ. Դեսպան Արմէն Եգանեանի Ի Պատիւ Գնահատանքի եւ Ողջերթի Երեկոյթը

«Ես ուզեցի Օթթաուայի Հ. Հ. Դեսպանատան հայանպաստ աշխատանքին օժանդակ դարձնել հարիւր հազար գանատահայութիւնը»

Անցեալ Չորեքշաբթի Մայիսի 31-ին, կազմակերպութեամբ Քէպէքի հայ կազմակերպութեանց Միացեալ Յանձնախումբին, Մոնթրէալի Պոլսահայ Մշակութային Միութեան հանդիսասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ողջերթի գեղեցիկ ձեռնարկ մը ի պատիւ Գանատայի մէջ Հ. Հ. Լիազօր եւ Արտակարգ դեսպան պրն. Արմէն Եգանեանին եւ իր ընտանիքին:

Պրն. Եգանեանի պաշտօնավարութիւնը Գանատայի մէջ սկսած էր 2011 թուին եւ այժմ ըստ նախատեսուած ժամանակաշրջանի աւարտին ան կը վերադառնայ Երեւան, Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան համակարգին մէջ իր ստանձնելիք նոր պաշտօնին եւ առաքելութեան:

Հայաստանի 25 ամեայ անկախութեան ժամանակաշրջանի ընթացքին, եւ գրեթէ նոյնքան տարիներէ ի վեր Օթթաուայի մէջ հաստատուած Հ. Հ. Դեսպանութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնող հինգերորդ դեսպանն է պրն. Եգանեանը: Իր վեցամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին ան սովորաբար դեսպանէ մը ակնկալուած դիւանագիտական պատասխանատուութիւններու կատարման կողքին, բացառապէս մօտիկ յարաբերութիւններ մշակեց գանատահայութեան հետ: Պրն. Եգանեան ջանաց եւ յաջողեցաւ կապ պահել գործօն բոլոր կազմակերպութեանց հետ եւ այլեւս հարազատ մասնակից եւ յաճախ գլխաւորող դէմք մը դարձաւ գաղութի կարեւոր բազմաթիւ ձեռնարկներու ընթացքին: Մասնաւորապէս գնահատանքի արժանի է իր առաջնորդող մասնակցութիւնը Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին առիթով գանատահայութեան բացառաբար աշխոյժ գործունէութեան: Պրն. Դեսպանին, գանատահայութեան եւ յատկապէս մոնթրէալահայութեան հետ ստեղծած այս մօտ եւ ջերմ կապերու հանգամանքը ցայտուն կերպով արտայայտուեցաւ, անցնող Չորեքշաբթի օրուայ, ողջերթի ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած ճաշկերոյթին ընթացքին:

Ողջերթի այս ձեռնարկին, ներկայ էին, Մոնթրէալի բոլոր կազմակերպութիւնները եւ եկեղեցիները ներկայացնող աւելի քան հարիւր յիսուն վարչական պատասխանատուներ: Պրն. Արմէն Եգանեանին կ’ընկերակցէր իր ազնիւ տիկինը Մարիան եւ երկու որդիները Գեւորգ եւ Լեւոն:

Երեկոյթը սահուն եւ համեմուած ձեւով վարեց պրն.պ Վիգէն Սարգիսեան: Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան սրտի կարճ եւ անկեղծ խօսքերով ելոյթ ունենալու ներկայ բոլոր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները:

Յատկապէս Գանատահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանի անունով՝ անոր ողջերթի գիրը կարդաց Տէր Կոմիտաս Միրզախանեան, քանի որ Առաջնորդ Սրբազանը այս օրերուն կը գտնուէր Ս. Էջմիածին, Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ Ազգային Եկեղեցական ժողովին մասնակցելու համար: Խօսք առաւ նաեւ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան:

Ռ.Ա.Կուսակցութեան, Հ.Յ.Դ.-ի եւ Ս.Դ.Հնչակեան կուսակցութեանց ղեկավարներ ինչպէս նաեւ Մշակութային, Բարեգործական եւ մարզական միութեանց ներկայացուցիչներ իւրաքանչիւրը արտայայտուեցան ջերմօրէն գնահատելով պրն. Արմէն Եգանեանի մօտիկ եւ օգտակար գործակցութիւնը, անցնող վեց տարիներու ընթացքին: Ռ.Ա. Կ.-եան Գերագոյն Խորհուրդի անդամ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան նաեւ կարեւորեց այն պարագան որ յարգելի պրն. Դեսպանը շնորհիւ գաղութի բոլոր խաւերուն հետ իր ստեղծած մտերմութեան, այնքան հաղորդակից դարձաւ գանատահայութեան եւ հետեւաբար սփիւռքահայութեան կեանքին եւ հոգեբանութեան որ այժմ մենք մեր կարգին կրնանք զինք նկատել կերպով մը մեր դեսպանը Երեւանի մէջ, որմէ կը խնդրենք փոխանցել իշխանութեանց մեր միւս բաղձանքներու կարգին, յատկապէս Հայաստանէն մտահոգիչ արտահոսքը կասեցնելու համար ազդու միջոցառումներ իրագործելու մեր ակնկալութիւնը:

Ապա բուռն ծափերու մէջ բեմ հրաւիրուեցաւ պրն. Արմէն Եգանեան որ զգացուած խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեց իր եւ ընտանիքին ուղղուած, գնահատական բոլոր արտայայտութեանց համար:

Վերյիշելով յատկապէս իր պաշտօնավարութեան շրջանին առաջին օրերը, ան նշեց թէ այդ օրերուն որքան մտահոգութեամբ դէմ յանդիման գտնուած էր դիւանագիտական շրջանակներու մէջ Թուրք թէ Ազերի դեսպանատուներու տարած բրոբականտի բուռն աշխատանքին եւ սակայն այն ժամանակ իսկ տեսած էր թէ դեսպանատան սահմանափակ անձնակազմը բաւարար չէր հակազդելու անոնց տարած հակահայ լուրջ գործունէութեան: Ուստի որոշած էր իր դիւանագիտական աշխատանքին օժանդակ դարձնել գանատահայ հարիւր հազարի հասնող ամբողջ գաղութը: Այսօր գոհունակութեամբ կը նշէր թէ կարեւոր չափով յաջողած էր իրագործելու իր այդ ծրագիրը: Պրն. Եգանեան այս առիթով յայտարարեց թէ այս իմաստով իր վերջին ձեռնարկը պիտի ըլլայ Յունիսի 9-ին Օթթաուայի մէջ բացումը միջազգային համբաւաւոր նկարիչ, Գանատահայ լուսանկարիչ Եուսուֆ Գարշի արձանին, Գանատայի 150-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, որպէս գանատահայոց կողմէ Գանատայի ուղղուած շնորհակալութեան արտայայտութիւն:

Ձեռնարկի վերջաւորութեան, կազմակերպիչ Քէպէքի հայ կազմակերպութեանց Միացեալ Յանձնախումբի անդամները բեմ բարձրացան միանալու պրն. Արմէն Եգանեանի, Տիկնոջ Մարիային եւ զաւակներուն եւ անոնց յանձնեցին Գանատան յիշեցնող, յիշատակի գեղեցիկ նուէր մը:

Թղթակից