Երբ Լեւոն Արոնեան կը քայլէ իր հարազատ Հայաստանի փողոցներոն մէջ, բոլորը անոր կը ժպտին, կը ստիպեն, որ ճաշարանին մէջ չվճարէ, ծնողները իրենց երեխաները անոր անունով կը կոչեն: Հայ շախմատիստ Լեւոն Արոնեանի մասին ըստ Panarmenian.am-ի՝ գրած է CNN-ը:
Լրատուամիջոցը կը գրէ` Արոնեան դերասան, գործիչ կամ ալ աստղագէտ չէ: Ան շախմատիստ է, աշխարհի մէջ լաւագոյն չորրորդը: Ատիկա կը նշանակէ, որ փոքրիկ, հետխորհրդային երկրին մէջ ան եւս ազգային հերոս է:
«Երբ առաջին անգամ իմ հարսնցուս ժամանեց Հայաստան, մենք կանգնեցանք պենզալցակայանի մօտ: Անոնք ըսին. «Մենք չենք պատրաստուիր ձեզմէ գումար վերցնել»,-լրատուամիջոցին պատմած է օտար մամուլի կողմէ «Հայաստանի Տէյվիտ Պեքհեմ» անունը ստացած 33-ամեայ Արոնեան:
«Հարսնցուիս համար ատիկա մեծ ցնցում ի պէս բան էր, բայց ատիկա կը պատահի ամէն անգամ»,-ըսած է ան:
Հայաստանի մէջ ճատրակը ընդգրկուած է պարտադիր ուսուցման ենթակայ դպրոցական նիւթերու շարքին: ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ Ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահն է: Ունենալով երեք միլիոն բնակչութիւն, Հայաստան ամենամեծ թիւով շախմատային կրանտմասթըրներ ունեցող երկիրներու շարքին է: Վերջին հինգ ողիմպիականներու ընթացքին հայաստանեան հաւաքականը, որ կը գլխաւորէ ազգային կուռք համարուող Արոնեանը, յաղթած է երեք անգամ:
«Ճատրակը նման է միւս մարզաձեւերուն, բայց փոքրիկ վանդակի մէջ դուն ստիպուած ես հասկնալ, ինչպէս կ՛աշխատի ուղեղդ, ինչպէս կը հոսի արիւնդ»,- ըսած է Արոնեան:
Կը նշուի, որ Արոնեան կառավարութեան կողմէ կը ստանայ խորհրդանշական գումար` ամսական 120 տոլար, սա միւս երկիրներուն համեմատ շատ փոքր գումար է: Բայց շախմատի նկատմամբ իրական սէրը տեսնելու համար պէտք է շրջիլ Հայաստանի փողոցներով:
«Դուք կը տեսնէք, որ մարդիկ շախմատ կը խաղան սրճարաններուն, այգիներուն մէջ, ընտանեկան հաւաքոյթներու ընթացքին»,- ըսած է փրոֆեսոր Արամ Հաջեանը, որ Ճատրակի ակադեմիայի համահիմնադիրներէն է:
Լրատուամիջոցը կը գրէ, որ Հայաստանի մէջ ճատրակի նախահայրը Տիգրան Պետրոսեանն է, որ 1960-ականներուն շախմատի աշխարհի ախոյեան էր, եւ ճատրակի նկատմամբ ժամանակակից սիրոյ համար ան է «մեղաւորը»: