ՃԸՍԹԻՆ ԹՐՈՒՏՕ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ

Գանատայի դաշնակցային վարչապետական 42-րդ ընտրութիւններուն Երկուշաբթի, 19 Հոկտեմբերին վարչապետ ընտրուեցաւ Ճըսթին Թրուտօ, զաւակը նախկին վարչապետներէն Փիէռ Էլլեըթ Թրուտոյի:

Լիպերալ (Ազատական) Կուսակցութեան երիտասարդ նախագահ Ճըսթին Թրուտօ գրաւեց խորհրդարանի 184 աթոռ (քուէնէրու 54%-ը), մինչ տասը տարի երկրին ղեկավարութիւնը ստանձնած Պահպանողական (Conservative) Կուսակցութեան պետ՝ Սթիֆըն Հարփըր ստացաւ 99 աթոռ (քուէներու 29%-ը): Ընտրողներու թիւը վերջին քանի մը տասնամեակներու ամենաբարձրն էր – 17 միլիոն, որ կը ներկայացնէ ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու 68%-ը: Ճըսթին Թրուտօ շուտով կը կազմէ մեծամասնական կառավարութիւն մը: